2014-12-18 12:07:22

Սրբազան Քահանայապետի հանդիպումը Գերմանիոյ Լուտերական եկեղեցւոյ պատուիրակութեան հետ


(Ռ.Վ. 18 դեկտեմբեր 2014) Հինգշաբթի, 18 դեկտեմբեր 2014-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Գերմանիոյ Լուտերական աւետարանական եկեղեցիէն պատուիրակութիւն մը, եւ այս առթիւ անոնց արտասանած իր բարի գալուստի խօսքին մէջ, մատնանշեց Լուտերական եւ Կաթողիկէ եկեղեցիներու միջեւ երկխօսութեան` որ յիսուն տարիներու խիտ աշխատանքի վրայ հիմնուելով այսօր կը կը յանգի անկեղծ բարեկամութեան վրայ, որ ապրուած է հաւատքի եւ հոգեւորութեան մէջ, հակառակ աստուածաբանական տարբերութիւններուն։
Սրբազան Հայրը շեշտը դրաւ համամիութեան կարեւորութեան վրայ եւ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ յանձնառումին, ի սպաս միութեան, մատնանշելով երկու եկեղեցիներու միջեւ ստորագրուած փաստաթուղթերուն, որոնք առիթ կու տան վստահութեամբ շարունակելու ճանապարհորդութիւնը։
''Հակառակ տակաւին անլուծ հարցերուն` երբեք պէտք չէ վհատինք այլ պէտք է կեդրոնանանք առնուելիք յաջորդ քայլին վրայ, այն գիտակցութեամբ որ կը գտնուինք բարեկամութեան ընթացքի մը մէջ որ ապագայի համար յուսալից է'' յայտնեց Ֆրանչիսկոս Պապը եւ գոհունակութիւն յայտնեց Գերմանիոյ եպիսկոպոսական դասի եւ Գերմանիոյ լուտերական եկեղեցւոյ միջեւ գոյացած երկխօսութեան եւ ''Աստուած ու մարդու արժանաւորութիւնը'' բնաբանով աշխատանքին համար, յոյս յայտնելով որ Մարդու Էութեան հայող հարցերու շուրջ դաւանական խտրութիւններ չիրականան։

2017-ին կաթողիկէ եւ լուտերական քրիստոնեաները միասնաբար պիտի տօնախմբեն վերանորոգումի 5-րդ դարադարձը որ կը ներկայանայ որպէս համամիութեան նախաձեռնութիւն մը եւ որպէս Մէկ եւ Երրեակ Աստուծոյ մէջ մեր միասնական հաւատքի արտայայտութիւն։
Այս կարեւոր յոբելեանին կեդրոնը աղօթքն է եւ մեր մեղքերու թողութեան խնդրանքը մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսէն։ Թող այդ տօնախմբութիւնը ըլլայ քաջալերանք մը որպէսզի Աստուծոյ օգնութեամբ եւ Սուրբ Հոգւոյն ներգործութեամբ կարողանանք այլ քայլեր իրագործել դէպի միութիւն եւ չի սահմանափակուինք ձեռք բերուած յառաջդիմութիւններով։








All the contents on this site are copyrighted ©.