2014-12-17 11:37:39

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի աղօթքն ու կոչը ահաբեկչական գործողութիւններուն պատճառած անմեղ զոհերուն ու անոնց ընտանեկան պարագաներուն համար։


(Ռ.Վ. 17 դեկտեմբեր 2014) Չորեքշաբթի 17 դեկտեմբեր 2014-ի, առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին, հրաւիրեց հաւատացեալները միասնաբար աղօթելու բռնութիւններու զոհերու դիտաւորութեան որպէսզի Տէրը անոնց հոգիներուն շնորհէ խաղաղութիւն, ու անոնց ընտանեկան պարագաներուն անդորրութիւն ու դարձի բեռէ ահաբեկիչներու վայրագ սրտերը։
Այժմ ձեր պահ մը լռութիւն ու ապա Հայր Մեր աղօթքը։ Կ՛ուզեմ ձեր հետ միասին աղօթել անցեալ օրերուն Աւստրալիայի ` Փաքիստանի եւ Եմենի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական անմարդկային արարքներու զոհերուն համար։ Թող Տէրը իր խաղաղութեան մէջ ընկալէ բոլոր հանգուցեալները, մխիթարէ անոնց ընտանիքները եւ դարձի բեռէ բռնարարներու սրտերը, որոնք չեն կանգնիր ոչ իսկ մանուկներուն դիմաց։ Միասնաբար աղօթենք Հայր մեր աղօթքը հայցելով այս շնորհքը ըսաւ Նորին Սրբութիւը։
Յայտնենք թէ նախ քան աղօթքը Սրբազան Հայրը զանազան լեզուներով ողջոյնի խօսքեր ուղղեց հրապարակը գտնուող հաւատացեալներու յատուկէն խօսք ուղղելով երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն հրաւիրելով զանոնք ապաւինելու Տիրամօր հովանիին որ է յոյսի եւ կատարեալ հաւատացեալի տիպարը







All the contents on this site are copyrighted ©.