(Ռ.Վ. 17 դեկտեմբեր 2014) Չորեքշաբթի, 17 դեկտեմբեր 2014-ին, Ֆրանչիսկոս
Սրբազան Քահանայապետը կատարեց 2014 տարւոյն վերջին հրապարակային ունկնդրութիւնը եւ իր
քահանայապետութեան շրջանի 73-րդ։ Յաջորդը տեղի պիտի ունենայ 7 յունուար 2015-ին։ 2014
տարւոյն ընթացքին Քահանայապետը կատարեց 43 հրապարակային ունկնդրութիւններ։ Քահանայապետական
Տան տուեալներու համաձայն այս ունկնդրութիւններուն ներկայ գտնուեցան 1.199,000 հազար
ուխտաւորներ։ Ամենաբարձր թիւը արձանագրուեցաւ Ապրիլ ամսուայ ընթացքին 205 հազար ուխտաւորներու
ներկայութեամբ որուն կը յաջորդէ Մայիս ամիսը 195 հազար ուխտաւորներու ներկայութեամբ մինչ
երրորդ տեղը կը գրաւէ Հոկտեմբեր ամիսը 170 հազար ներկաներով եւ վերջին տեղը` օգոստոս
ամիսը 25 հազար հաւատացեալներու ներկայութեամբ։