2014-12-17 09:24:58

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ


Նախանձի գեհենը

Բնական զգացում մըն է նախանձը որ ունի տարբեր աստիճաններ։ անոր պատճառած այրուածքը միայն զգացողը կրնայ պատմել, քանի որ սրտի ներքին ծալքերուն վրայ եղած այրուածքին քանիերո՞րդ աստիճանի ըլլալը արտաքնապէս տեսանելի չ՛ըլլար մեզի:
«Բնական» թուացող նախանձը պաշտպանողներէն շատեր, ատոր մէջ կը տեսնեն մարդկային ընկերութեան յառաջդիմելու գաղտնիքը: Իսկ ամէնէն փոքր նախանձին անգամ հանդուրժելու դժուարութիւն ցուցաբերող անձեր, ատոր մէջ կը տեսնեն արմատը չարիքին, որ աճելով կը մեծնայ ու մինչեւ իսկ ոճիրներու դուռ կը բանայ:
Աստուածաշնչական բացատրութեամբ գեհենը, մեր հասկցած դժոխքն է, ուր պիտի նետուին իրենց կեանքը չար գործերով անցուցած մարդիկ: Իցի՜ւ թէ անոր հուրը ընդմիշտ բորբոքած մնար, կամ անսպառ ըլլար, որպէսզի կարենար առյաւէտ տանջել մարդոց վնաս հասցուցած եւ անոնց կեանքը տանջանքի վերածած անձերը:
փոխաբերական իմաստով սակայն, Գեհենի վայրը կարելի է տեղափոխել եւ հաստատել սիրտին ու հոգիին մէջ այն մարդոց, որոնք նախանձէ կը տառապին տիւ եւ գիշեր, անիկա ամէն վայրկեանի եւ ամէն ինչի համար ցուցաբերուող անբնական չար զգացումն է, որ ճիշդ գեհենի անվերջանալի կրակին նման է։
Ամէն ինչի համար ցուցաբերուող նախանձի սահմաններուն մէջ կ՛իյնան նաեւ մեր գործածած կահ կարասիները, հագած հագուստը, ունեցած գրիչը, կախած վզնոցը, եթէ նոյնիսկ ծեր ենք՝ մեր ձեռնափայտը, օգտագործած անուշահոտը, ունեցած պայուսակը եւ աւելի «թանկարժէք» շարք մը իրեր: Ասոնց համար նախանձելու աստիճանին վրայ կը գտնուին քանի մը խումբի մարդիկ որոնցմէ յիշենք՝
ա. իրենց մանկութիւնը դժբախտութեամբ ապրածներ,
բ. աղքատութեան ու այլ պատճառներով չտես դարձածներ, եւ՝
գ. գիւղաքաղաքներէ եկածներ կամ գաւառցիներ:
Այս երեք խումբի մաս կազմող անձերը չեն կրնար նկատել իմացական հարստութիւնը. իրենց հետաքրքրութեան սահմաններուն մէջ կը մտնեն միայն իրենց չունեցածները: Որովհետեւ անոնք իրենց միտքէն բնա՛ւ չեն կրնար անցընել, թէ իրենցմէ աւելի փայլուն իմացականութեան տէր անձեր կրնան գտնուիլ աշխարհի երեսին:
Արդարեւ՝ դժբախտ մանկութիւն ունեցածներ, երբեմն պոռթկումով կ՛արտայայտեն իրենց տարիներու հոգեկան ցաւը, երբ մանաւանդ տեսնեն ուրախ երեխաներ, իրենց ծնողներու գուրգուրանքէն յղփացած: Չտեսներու փաղանգին մաս կը կազմեն ո՛չ միայն աղքատներ, այլ՝ աղքատութենէ բարձրացած ու ապա հարստացած մեծ թիւով «դժբախտներ»: Դժբախտ կոչեցինք այդպիսիներ, իրաւա՛մբ, որովհետեւ անոնք բնա՛ւ հարուստ պիտի չդառնան իրենց կեանքին ընթացքին, որքան ալ ոսկիէ դէզերու վրայ պառկին, այլ՝ միշտ հոգեպէս աղքատ պիտի մնան: Նախանձի գեհենն է պատճառը անոնց յաւիտենական աղքատութեան: Անոնք բնա՛ւ չեն սորվիր այդ կրակը մարելու արուեստը: Իսկ սերունդէ սերունդ հարստութիւն ունեցած գերդաստաններու մօտ զգալի կ՛ըլլայ նկարագիրի ազնուական գիծ մը, որուն պահպանութեան հետամուտ ըլլալու պէտք չունին անոնք: Ատիկա բնական զգացում մըն է իրենց մէջ, եւ նախանձի գեհենի դուռը միշտ փակ պահուած կ՛ըլլայ անոնց դիմաց:
Իսկ գիւղաքաղաքներէ ու գաւառներէ դէպի քաղաք հոսած ամբոխին անհատական կեանքը ամբողջ կը վերածուի ամէնօրեայ տագնապի, երբ անոնք մրցավազքի կը մտնեն իրենց համար նորութիւն եղող ամէն երեւոյթ հասկնալու եւ ամէն նորոյթ ունենալու համար: Այս երրորդ խումբի մարդոց մօտ երբեմն մինչեւ անգամ խելագարութիւն տեսնուած է: Ասոնք հարուստներու հետ բարեկամ ըլլալը կը շփոթեն հարուստ ըլլալուն հետ, եւ անոնց տուած բարեւն ու յարգանքը կը կարծեն, թէ դրամի կը վերածուի իրենց ծակ գրպաններուն մէջ… Այսպիսիներ շուտով կ՛ընդօրինակեն հարուստներու հաճոյքները՝ արտաքին տեսանելի բոլոր ձեւերով, որոնք եթէ հարուստներու բնական կենցաղակերպին մաս կը կազմեն, իրենց պարագային կը վերածուին բռնազբօս շարժումներու կամ շփացած մանուկներու վարուելակերպին նման անդաստիարակ կենցաղի:
Այս վերջին պարագային իր ամէնէն ծծմբային հրահրումներով կը ճարճատի նախանձի գեհենը, որուն կայծերը կրնան հրդեհել մինչեւ հեռաւոր երկիրները, ուր իրենց կեանքով ու աշխատանքով կանաչ մարգագետիններ աճեցուցած մարդիկ, հանգիստ կու տան տարիներո՜վ մխիթարութեան կարիք ունեցող ծանրաբեռն հոգիներու:
Վերոյիշեալ բոլոր պարագաներուն ողբերգական դրութիւն կը ստեղծուի այն ատեն միայն, երբ նախանձի գեհենը մարելու կոչուած մեծահռչակ ու փորձառու «հրշէջներ»ը իրե՛նք յաւելեալ վառելանիւթով կը հրահրեն փայլուն կրակը, նաեւ համոզելով այրուողին, թէ այդ փայլքը ոսկիի փայլք է եւ ո՛չ թէ մարդու հոգին ճենճերող ու ի վերջոյ սպառող յաւիտենական կրակ…







All the contents on this site are copyrighted ©.