2014-12-17 09:49:21

Լիբանանի կրօնաւորական հաստատութիւններու մեծաւոր հայրերը Զմմառու մէջ


Երկուշաբթի 15 Դեկտեմբեր 2014-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Զմմառու Տիրամօր վանքին մէջ ժողով մը գումարուեցաւ Լիբանանի կրօնաւորական հաստատութիւններու Մեծաւորներու միջեւ, նախագահութեամբ Զմմառու վանքի Մեծաւոր՝ Գերպծ. Հ. Գաբրիէլ Թ.Ծ.Վրդ. Մուրատեանի, «Աբրահամ Արծիւեան» նորակառոյց ժողովասրահին մէջ, իբր գլխաւոր նիւթ ունենալով Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի հռչակած՝ «Կրօնաւորական Կեանքի Նուիրեալներու Տարուան» յայտագրի կազմութիւնը, որուն մէջ կարեւորագոյնը պիտի հանդիսանայ 2015 Փետրուար 26/27/28-ին, կրօնաւորական կեանքի մասին եռօրեայ համագումարը, Քասլիքի Ս. Հոգի Համալսարանին մէջ: Ժողովի աւարտին՝ Մեծաւոր Հայրերը, Զմմառու Տիրամօր վանքի եկեղեցւոյ մէջ աղօթք մը մատուցանելէ ետք՝ միաբանական սեղանին իրենց մասնակցութիւնը բերին: Այնուհետեւ յարգոյ հիւրերը շրջագայեցան վանքի զանազան բաժանմունքները. թանգարան, մատենադարան և գինեմառան. ապա փոխադարձ մաղթանքներ կատարելէ ետք՝ անոնք գոհունակ և քաղցր սրտով մեկնեցան, վերստին տեսնուելու խոստումով:







All the contents on this site are copyrighted ©.