2014-12-17 09:24:32

Բարի տարեդարձ Ֆրանչիսկոս


(Ռ.Վ. 17 դեկտեմբեր 2014) Չորեքշաբթի 17 դեկտեմբեր 2014-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը բոլորեց իր 78 ամեակը։ Աւազանի անունով՝ Եորկէ Մարիա Պերկոլիոյ ծնած է 17 դեկտեմբեր 1936-ին, Պուէնոս Այրէսի մէջ, իտալացի ծնողներէ (Բիէմոնթէէն)։Քահանայ ձեռնադրուած է 13 դեկտեմբեր 1969-ին եւ 22 Ապրիլ 1973-ին, որպէս Յիսուսեան միաբան, կատարած է իր մշտնջենաւոր ուխտերը։ 20 մայիս 1992-ին Յովհաննէս Պօղոս Բ երջանկայիշատակ Քահանայապետը զինք կ՛անուանէ Պուէնոս Այրէսի տեղապահ եպիսկոպոս ապա 1988-ի փետրուարին կը դառնայ Արժանթինի արեւելեան ծէսի հաւատացեալներու առաջնորդ։

Կարդինալ կ՛անուանուի 2001-ի փետրուար 21-ին։ 13 մարտ 2013-ին, Պապընտիր կարդինալական ժողովը զինք կ՛ընտրէ որպէս Սուրբ Պետրոսի 266-րդ յաջորդ։ Ընտրութենէն անմիջապէս ետք սուրբ Պետրոսի հրապարակը համախմբուած հաւատացեալներու հոծ բազմութեան ներկայանալով Ասիզացիի աղքատիկ սուրբին` Ֆրանչիսկոս անունով, Քահանայապետը կը յայտնէ թէ ինք եկած է աշխարհի ծայրէն ու խոնարհաբար կը ծնրադրէ ու ժողովուրդէն կը խնդրէ որ օրհնեն զինք որպէս իրենց եպիսկոպոսը, սկիզբ տալով Եորկէ Մարիա Պերկոլիոյի քահանայապետութեան որ մինչեւ օրս յատկանշուած է խոնարհութեան, ողորմածութեան, պարզութեան, աղքատներու եւ կարիքաւորներու հանդէպ մեծ ուշադրութեան ու նաեւ մշտատեւ այն խնդրանքով իրեն համար աղօթելու եւ աղքատներու համար աղքատ Եկեղեցի մը ունենալու իղձով։
Բարի տարեդարձ Ֆրանչիսկոս` ողորմութեան Քահանայապետ։








All the contents on this site are copyrighted ©.