2014-12-17 14:10:38

Անչափահասներու պաշտպանութեան յանձնախումբի նոր անդամներու նշանակում։


(Ռ.Վ. 17 դեկտեմբեր 2014) Չորեքշաբթի` 17 դեկտեմբեր 2014-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը` մարտ 2014-ին հաստատած անչափահասներու պաշտպանութեան յանձնախումբին նոր անդամներ նշանակեց, ընտրուած աշխարհի զանազան վայրերէն որպէս բազմազան մշակոյթներու եւ իրողութիւններու ներկայացուցիչներ։
Լուրը հաղորդեց Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը։
Յանձնախումբի անդամներուն ընդհանուր թիւն է 17-ը ներառեալ նախագահն ու քարտուղարը։ Յանձնախումբի նախագահն է Կարդինալ Օմալլէյը իսկ քարտուղարն է գերապայծառ Ռոպեր Օլիվէր։
Յանձնախումբին մաս կը կազմեն 9 կիներ որոնցմէ երկուքը կրօնաւորուհիներ են եւ 7 այր մարդիկ որոնցմէ 5-ը քահանաներ են, իսկ երկու այլ անդամները մանկամոլութեան զոհ երկու անձեր են որոնք յանձնառու են ու կը պայքարին մանկամոլութեան դէմ։
Յանձնախումբը իր լիանիստ հաւաքը կը գումարէ յառաջիկայ 2015-ի փետրուար 6էն 8ը։








All the contents on this site are copyrighted ©.