2014-12-17 08:42:14

«Թալեպան»ի մէկ յարձակումը 141 զոհ կը խլէ Փաքիստանի մէջ։


Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 13ին, «Թալեպան» շարժումի անդամ 7 զինեալներ յարձակած են Փաքիստանի հիւսիսարեւելեան շրջաններուն մէջ գտնուող Փեշաուարի վարժարաններէն մէկուն վրայ, որ բանակի հովանիին տակ կը գործէ։
Զինեալները սպաննած են 1-10րդ դասարանի առնուազն 132 աշակերտներ, ինչպէս նաեւ՝ 9 պաշտօնեաներ։ Վիրաւորուած են այլ 121աշակերտներ եւ երեք պաշտօնեաներ: Բանակի միջամտութեամբ աւարտած է յարձակումը, որուն ընթացքին սպաննուած են նաեւ «Թալեպան»ի անդամ 7 զինեալները։
«Թալեպան» ստանձնած է արարքին պատասխանատուութիւնը՝ զայն հակադարձութիւն մը համարելով Փաքիստանի բանակին կողմէ նոյն շարժման շարք մը անդամներու սպանութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.