2014-12-16 10:04:20

Բրիտանիոյ մէջ բացուած է աղքատներուն համար առաջին հանրախանութը


«Տը Ինտիփենտընթ» կը հաղորդէ, որ Լոնտոնի Լամպեթ թաղամասին մէջ բացուած է Բրիտանիոյ մէջ աղքատներու համար առաջին հանրախանութը:
Օրաթերթը կը նշէ, որ այս խանութը հարիւրաւոր կարիքաւոր ընտանիքներու պիտի արտօնէ 70 առ հարիւրով գնել այնպիսի մակնիշի մթերքներ, ինչպէս օրինակ` «Մարքս էնտ Սփենսըր» եւ «Էքատօ»: Ապագային կը նախատեսուի յաւելեալ 20 նմանատիպ առեւտրական կեդրոններ բանալ ամբողջ երկրին մէջ:
Այս հանրախանութէն ապրանքներ գնելու իրաւունք պիտի ստանայ այդ թաղամասի 750 բնակիչ: Օրաթերթը կը գրէ, որ արտադրութիւնը, որ այլ հանրախանութներէն պիտի մատակարարուի, կրնայ աւելորդ ըլլալ, սխալ գրառում ունենալ, կրնայ փաթեթաւորումը վնասուած ըլլալ, այսինքն` ասոնք հաւանաբար պէտք է թափուէին կամ անասուններուն կեր դառնային: Սակայն հանրախանութէն կը վստահեցնեն, որ գնորդները պիտի ստանան բարձր որակի ապրանք` ցած գիներով:







All the contents on this site are copyrighted ©.