2014-12-16 09:30:10

Աւստրալիոյ եւ Պելճիքայի մէջ զինեալներ պատանդներ վերցուցին


Զինեալ մը երէկ Սիտնիի «Լինտթ» սրճարանին մէջ պատանդներ վերցուց, սակայն հինգ պատանդներ դուրս եկան սրճարանէն: Յստակ չէ, թէ անոնք փախո՞ւստ տուին, թէ՞ ազատ արձակուեցան: Զինեալը պահանջեց ՏԱՀԵՇ-ի դրօշը, որուն փոխարէն ազատ արձակեց պատանդ մը: Ան դրօշը բարձրացուց սրճարանին մէկ ապակիին վրայ:
Նիւ Սաութ Ուէյլզի ոստիկանապետ Էնտրիւ Սիպոնի յայտնեց, որ մէկ զինեալ կայ` աւելցնելով, որ ապահովական ուժերը չեն գիտեր ինչ են պայմանները` նշելով. «Տակաւին չենք գիտեր, եթէ ահաբեկչութեան առնչուած դէպք մըն է»: Աւելի ուշ ոստիկանութիւնը ներխուժեց սրբարան եւ սպաննեց զինեալը:
Աւստրալիա, որ Միացեալ Նահանգներու կողքին կը մասնակցի ՏԱՀԵՇ-ի դէմ արշաւին, սեպտեմբերին ահաբեկչական վտանգի ահազանգը բարձրագոյն մակարդակի բարձրացուց, մասնաւորաբար ինչ կը վերաբերի Սուրիայէն եւ Իրաքէն վերադարձող ժիհատականներու ներկայացուցած վտանգին:
Աւստրալիական ոստիկանութիւնը յայտարարեց, որ Սիտնիի կեդրոնը պիտի շարունակէ փակ պահել, այնքան ատեն որ անհրաժեշտ է:
Ուաշինկթընի մէջ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի ահաբեկչական հարցերու խորհրդական Լիզա Մոնաքօ յայտնեց, որ Օպամա տեղեակ պահուած է կացութենէն: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ դէպքի վայրին մօտ գտնուող ամերիկեան հիւպատոսարանի աշխատակազմը հեռացուած է հիւպատոսարանի շէնքէն:
Աւստրալիոյ մէջ իսլամական 40 կազմակերպութիւններ դատապարտեցին պատանդ վերցնելու քայլը:
Միւս կողմէ, զինեալներ Պրիւքսէլի արեւմուտքը գտնուող Կենթ շրջանի մէկ յարկաբաժինին մէջ պատանդներ վերցուցին: Ոստիկանութիւնը շէնքի բնակիչներուն յորդորեց իրենց ապահովութեան համար բնակարաններէն դուրս չգալ: Պելճիքական ոստիկանութեան բանբեր Ֆիլիփ Ռաշար յայտնեց, որ հարցը ստանձնած է դաշնակցային ոստիկանութիւնը, եւ իրենք պատանդները ազատ արձակելու համար ամէն իրաւասութիւն ունին:
Աւելի ուշ զինեալները անձնատուր եղան:
Պելճիքական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ անցեալ հոկտեմբերին դարձեալ Կենթի մէջ պատանդ վերցնելու այլ դէպք մը պատահած էր, սակայն անիկա անձնական դրդապատճառներով տեղի ունեցած էր:
Մինչ այդ, ֆրանսական ոստիկանութիւնը Ֆրանսայի հարաւարեւմտեան Թուլուզ շրջանին մէջ ձերբակալեց ցանց մը, որ կը կարծուի, թէ «ժիհատականներ» Սուրիա կ՛ուղարկէ:
Ֆրանսական ոստիկանութենէն աղբիւր մը նշեց, որ գործողութիւնը միաժամանակ տեղի ունեցած է շարք մը շրջաններու մէջ: Գործողութիւնը կատարած են ոստիկանութեան հակաահաբեկչական եւ մասնայատուկ ուժերը:







All the contents on this site are copyrighted ©.