Դեկտեմբեր 17-19-ը՝ ժամը 11:00-19:00-ն, ՀՀ կառավարութեան նիստերու մեծ դահլիճի նախասրահին
մէջ ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը, «Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն» ՀԿ-ն
եւ Հայկական Կարմիր խաչի ընկերութիւնը կ’իրականացնեն աւանդական դարձած «Սուրիահայ մշակոյթի
շունչը Երեւանի մէջ» ամանորեայ բարեգործական ցուցահանդէս-տօնավաճառը: Այս մասին կը յայտնէ
“Հայերն Այսօր”-ը։ 8-րդ տօնավաճառին կը մասնակցեն սուրիահայ ձեռագործ վարպետներ եւ
հրուշակագործներ, ինչպէս նաեւ իրենց ապրանքատեսակները պիտի ներկայացնեն Հայաստանի մէջ
արտադրութիւն հիմնած սուրիահայերը: Նշենք, որ 2013 թուականէն սկսեալ ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը
նախաձեռնած է «Սուրիահայ մշակոյթի շունչը Երեւանի էջ» խորագիրով՝ սուրիահայ ձեռագործ
վարպետներու եւ հրուշակագործներու մասնակցութեամբ տօնավաճառներ՝ նուիրուած եկեղեցական
ազգային տօներուն: 2013-2014թթ. ընթացքին կազմակերպուած է 7 ցուցահանդէս-տօնավաճառ: