2014-12-15 13:00:33

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի գործունէութիւնը՝ հանդիպում ''TV 2000'' հեռուստակայանի աշխատակազմին հետ։


(Ռ.Վ. 15 դեկտեմբեր 2014) Երկուշաբթի, 15 դեկտեմբերին, առաւօտեան ժամը 10,00 ին, Ֆրանչիսկոս Պապը յաջորդաբար ընդունեց Պոզնիոյ, Էրզէկովինայի նախագահութեան խրուաթ ներկայացուցիչ Տիար Տրական Քոչիչը ու անոր ընկերացած պատուիրակութիւնը, Մալթայի եւ Լիպիոյ մօտ Առաքելական նուիրակ` գերապայծառ Ալտօ Քաւալլին, Փաքիսթանի մօտ առաքելական նուիրակ՝ Գերապայծառ Էտկար Փէնա Փարրա, հուսկ Սուրբ Աթոռի մօտ Քանատայի նորանշանակ դեսպան` տիար Տէնիս Անթռնի Սավուա՝հաւատարմագրերու ներկայացումի առիթով։
Ֆրանչիսկոս Պապը ապա ժամը 11,30-ին ընդունեց Արեւելեան եկեղեցիներու ժողովի կառավարիչ` կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրին որմէ ետք ընդունեց ''ժողովրդապետական աւետարանացումի բջիջներ'' հաստատութեան հիմնադիր՝ Հայր Փիէր Ճիորճիօ Փէրինին։
Ժամը 12,15ին, Նորին Սրբութիւնը, Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ ընդունեց Իտալիոյ եպիսկոպոսական դասին պատկանող` ''TV 2000'' հեռուստակայանի աշխատակազմի անդամներն ու պատասխանատուները ու անոնց ուղղած իր ողջոյնի խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց բարձր գնահատելով տածած աշխատանքը։
Կաթողիկէ լրատուական միջոցները անհրաժեշտ եւ կարեւոր նկատելով Ֆրանչիսկոս Պապը ներկաներուն փոխանցեց կաթողիկէ լրատուական աշխատանքին հայող երեք կարեւոր կէտեր։
Առաջին՝ պաշտպանել լրատուական աշխատանքը քաղաքական եւ տնտեսական միտումներէ յառաջացած հարուածներէն, եւ անկեղծ ու ազատ կերպով արտայայտուիլ երբ վստահ ենք որ մեր հաղորդած լուրը ճշգրիտ է։ Վերազարթնուլ խօսքը ահա այս է հաղորդավարին առաջին պարտականութիւնը ըսաւ Սրբազան Հայրը ակնարկելով երկրորդ կէտին որ է ՝ ''բացուիլ'' եւ չփակուիլ ու սփռուած լուրերով չդիմել արագ լուծումներուն։ Հարկ է հպատակիլ Սուրբ Հոգիին ներգործութեան որ միակն է որ կարող է ներդաշնակութիւն եւ միութիւն յառաջացնել։
Երրորդ՝ ամբողջութեամբ հաղորդել լուրը խուսափիլ կիսակատար եւ խափէախօս լուրերէն։Հարկաւոր է խօսիլ մարդուն ամբողջականութեան` անոր մտքին ու սրտին որպէսզի կարողանայ տեսնել ու նայիլ անմիջականէն անդին։
''Այս բոլորը կը պահանջեն նաեւ պատրաստակամութիւնը ոչ միայն տալու այլեւ ընդունելու'' ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ու խօսքը եզրափակեց բոլոր ներկաները քաջալերելով յարատեւելու իրենց աշխատանքին մէջ լաւագոյն կերպով պատմելու Իտալիան ու Քահանայապետին գործունէութիւնը։ Ան ապա հայցեց Աստուածամօր հովանիին եւ ներկաներէն խնդրեց որ աղօթեն իրեն համար ու տուաւ իր Առաքելական օրհնութիւնները բոլորին մաղթելով շնորհաւոր Սուրբ Ծնունդ։








All the contents on this site are copyrighted ©.