2014-12-15 12:55:04

Կարդինալ Փարոլին Ճոն Քերրի հանդիպում Վատիկանի մէջ։


(Ռ.Վ. 15 դեկտեմբեր 2014) Երկուշաբթի 15 դեկտեմբեր 2014-ի առաւօտեան, Վատիկանի Պետքարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը Վատիկանի մէջ հանդիպում ունեցաւ ԱՄՆԻ պետական քարտուղար` Տիար Ճոն Քերրի հետ։ Այս տեղեկութիւնը փոխանցած է Սուրբ Աթոռի բանբեր Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտին որ ապա յայտնած է թէ. ''հադիպման ընթացքին շօշափուած նիւթերը եղան Միջին Արեւելքի կացութիւնը եւ Միացեալ Նահանգներու յանձնառումը բռնութիւնները կասեցնելու ինչպէս նաեւ տածած ջանքերը Իսրայէլ-Պաղեստին բանակցութիւններու վերականգնումին։ Քննարկումի նիւթ եղաւ նաեւ Կուանթանամոյի բանտին փակման հարցը ու այս ուղղութեամբ Միացեալ Նահանգներու յանձնառումը ինչպէս նաեւ այս ծիրէն ներս Սուրբ Աթոռի թելադրանքը` բանտարկեալներուն ապահովելու մարդկայնական պատշաճ վարուելակերպ։ Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Ուգրանիոյ տագնապի մասին եւ Իպոլա համաճարակի հրատապ հարցին շուրջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.