Իպոլայի պատճառով Սիերա Լէոնէի մէջ այս տարի պիտի չնշեն Ամանորեան տօները
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Սիերա Լէոնէի մէջ այս տարի Ս. Ծնունդը
պիտի չնշեն` Իպոլայի համաճարակին պատճառով: Համապատասխան որոշումը տուած են երկրին
իշխանութիւնները: Զինուորականներուն ալ յանձնարարուած է հետեւիլ այդ արգելքի իրականացման:
Անոնք պիտի հսկեն քաղաքներու փողոցներուն եւ տուն պիտի ուղարկեն բոլոր անոնք, որոնք պիտի
որոշեն փողոց դուրս գալ: «Մենք կ՛երաշխաւորենք, որ բոլոր քաղաքացիները պիտի գտնուին
իրենց տուներուն մէջ, որպէսզի չարտօնենք ժահրին տարածումը», նշած է Իպոլայի դէմ պայքարի
ազգային կեդրոնի ղեկավար Փալօ Քոնթէ: Արգելքի գործողութեան ժամկէտը չի նշուի