2014-12-13 10:42:25

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի քարոզը Կուատալուփի Տիրամօր նուիրուած Սուրբ Պատարագի ընթացքին


(Ռ.Վ 13 դեկտեմբեր 2014) Լատինամերիկայի պաշտպան սրբուհի`Կուատալուփի Տիրամօր տօնին առթիւ՝ Ուրբաթ` 12 դեկտեմբեր 2014-ի, յետմիջօրէի ժամը 6-ին, Սուրբ Պետրոսի մայր տաճարին մէջ, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը նախագահեց Սուրբ Պատարագի արարողութեան, մասնակցութեամբ Լատին Ամերիկացի բազմաթիւ հաւատացեալներու, եւ աւելի քան 700 քահանաներու։
Այս առթիւ արտասանած քարոզին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը հարաւային Ամերիկայի ցամաքամասը կոչեց ՝՝Յոյսի Ցամաքամաս՝՝։ Կուատալուփի Տիրամօր գոհաբանական աղօթք բարձրացնելով Քահանայապետը շնորհակալութիւն յայտնեց Անոր, որովհետեւ իրեն շնորհիւ՝ քրիստոնէական հաւատքը դարձաւ ''լատինամերիկացի ժողովուրդին հոգւոյն թանկարժէք գանձը''։ Սրբազան Հայրը հուսկ մաղթանք յայտնեց, որ հարաւային Ամերիկայի ''յոյսի ցամաքամասը'' տիպար հանդիսանայ նորակերտ զարգացման մը որ համատեղ դնէ` Քրիստոնէական աւանդութիւններն ու քաղաքացիական յառաջդիմութիւնը, արդարութիւնն ու անկողմնակալութիւնը եւ համերաշխութիւնը, գիտական զարգացումը եւ մարդկային իմաստութիւնը։
Կարելի է պահպանել այս յոյսը՝ միայն ճշմարտութեան ու սիրոյ ներդրումով որոնք իրականութեան հիմն են եւ շարժիչ ուժը, նորոգուած իսկական կեանքի – յայտնեց ապա Սրբազան Հայրը ու քարոզի աւարտին խնդրեց ներկաներերէն՝ դիմել Կուատալուփի Տիրամօր, որպէսզի շարունակէ աջակցիլ ու պաշտպան կանգնիլ իր ժողովուրդին, ու անոնց ձեռքը բռնելով ընկերակցի եւ առաջնորդէ զանոնք դէպի իր զաւակը Յիսուս Քրիստոսը։







All the contents on this site are copyrighted ©.