2014-12-13 09:42:07

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը ''խաղաղութեան մրցանակակիրներու'' վեհաժողովին մասնակիցներուն։


(Ռ.Վ.13 դեկտեմբեր 2014) Ուրբաթ` 12 դեկտեմբերին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Կարդինալ Փարոլինի ստորագրութիւն կրող պատգամ մը ուղղեց, Հռոմի մէջ գումարուած ''խաղաղութեան մրցանակակիրներու'' 14-րդ վեհաժողովին, որուն մէջ յայտնեց իր խոր երախտագիտութիւնը, ամէն մէկուն յանձնառումին, եւ ներկայ հակամարտութիւններուն լուծումներ որոնելու տարած ջանքերուն'' համար։ Ան ապա բոլորին ապահովեցուց իր աղօթքները մաղթելով որ այս վեհաժողովը յանգի պտղաբեր արդիւնքներու համայն աշխարհի խաղաղութեան ի սպաս։








All the contents on this site are copyrighted ©.