2014-12-13 13:25:30

Ֆրանչիսկոս Պապը ունկնդրութիւն շնորհեց ''Իտալացի աչազուրկներու միութեան'' ազգային խորհուրդի անդամներուն։


(Ռ.Վ.13 դեկտեմբեր 2014) Շաբաթ 13 դեկտեմբեր 2014-ին, հանդիպելով Իտալիոյ կոյրերու եւ տեսողական դժուարութիւններ ունեցող անձերու Միութեան Ազգային Խորհուրդին հետ, Սրբազան Քահանայապետը յիշեցուց սրբուհի Լուչիան, որուն տօնը կը կատարուի եւ որ պաշտպան սրբուհին է անոնց որոնք կը տառապին տեսողութեան սահմանափակումներէ։
Ապա անոնց ուշադրութիւնը հրաւիրեց մարդկային որոշ արժէքներու վրայ, որոնք կը տեսնենք սրբուհի Լուչիայի կերպարին մէջ։
Առաջինը՝ քաջութիւն։ Սրբուհին երիտասարդուհի մըն էր եւ սակայն քաջաբար տոկաց չարչարանքներու, որովհետեւ իր քաջութիւնը կու գար Քրիստոսէ եւ Սուրբ Հոգիէն, որ կը բնակէր սրբուհիի հոգիէն ներս։
Երկրորդ արժէք մըն է՝ հասարակութիւնը։ Սրբուհին առանձնացած անձ մը չէր, այլ կը պատկանէր հասարակութեան մը։ Այն հասարակութեան, որուն գլուխը Քրիստոս է. ան մէկ աղիւսն էր շէնքի մը, որուն հիմը Քրիստոս է։ Ասոր համար կարեւոր է մեր կեանքին մէջ հասարակութեան եւ պատկանելիութեան մէջ համագործակցութիւն եւ փոխադարձ աջակցութիւն։
Վերջապէս՝ յիշեց Նորին Սրբութիւնը՝ կեանքի նուիրումի արժէքը։ Սրբուհի Լուչիա իր կեանքը նուիրեց իր մարտիրոսութեամբ։ Կեանքի նուիրումը ունի տիեզերական բնոյթ եւ իսկական երջանկութեան գաղտնիքն է։ Մարդ արարածը ինքզինք կ՛իրականացնէ սիրոյ մէջ, ինքնանուիրումի մէջ։ Թերեւս այս է նաեւ ՙԼուչիա՚ անուան գաղտնիքը, որ կը նշանակէ լոյս։ Անհատ մը լուսաւոր է այն չափով՝ ինչ աստիճանի է անոր ինքնանուիրումը։
Այսօրուան հասարակութիւնը, որ չափէն աւելի կը շեշտէ ՙանհատի՚ իրաւունքներուն վրայ, վտանգուած է մոռնալու հասարակութեան տարածքը եւ ինքնանուիրումի արժէքը։ Ասոր համար պէտք է պայքարիլ սրբուհի Լուչիայի բարեխօսութեամբ եւ հետեւելով անոր օրինակին ։








All the contents on this site are copyrighted ©.