2014-12-13 09:01:25

Ողջախոհութեան էութիւնը


RealAudioMP3 Մարմնին վերաբերող կարեւոր խնդիրներր մարդկային բարոյական կեանքի մաս կը կազմեն: Յայտնի է, որ բարոյական կեանքը հոգիին մէջն է:
Հոգին օրէնքը կ՛իմանայ եւ կը գործադրէ առաքինութիւնները:
Քրիստոնէութիւնը մեզի յայտնեց հոգիին եւ մարմինին կանոնաւորելու կերպը եւ միջոցր, ներկայացնելով մեզ Յիսուսի օրինակը իր մարմինը վարելու մէջ, եւ ողջախոհութեան առաքինութիւնը, որ իր մէջ կը պարունակէ հոգիի եւ մարմնի յարաբերութիւնները կանոնաւորելու զօրութիւնը:
Ողջախոհութիւնը որպէս բնական առաքինութիւն ունակութիւն մըն է, որով հոգին իր իշխանութեան ներքոյ է, եւ կը պահէ մարմնի գործերը եւ շարժումները եւ զանոնք կ՛ենթարկէ մտքին:
Իսկ իբր գերբնական առաքինութիւն, հաւատքով լուսաւորուած մէկ ունակութիւն է, որ մեր բնութեան ստորին աշխարհը կ՛ենթարկէ ոչ միայն մտքին, այլ նաեւ Աստուծոյ, լուսաւորեալ եւ սիրոյ կապերով` միացնելով մարմինը հոգիին եւ Աստուծոյ:
Մէկ կերպով ինքը` Աստուած իր ձեռքով ամբողջապէս կը ղեկավարէ մեր մարմինը:
Այս առաքինութիւնն ունի իր ասաիճանները.
ա- Փախչիլ հաւանութիւն տալու մաքրութեան դէմ որեւէ մտածութեան, փափագի, երեւակայութեան, գործերու:
բ- Հեռացնել իսկոյն եւ ուժով` մաքրութիւնը նուազեցնող մտա֊ծութիւնը, պատկերը, կամ զգացումը:
գ- Այնպէս տիրանալ իր մտածութիւններու եւ զգացումներու վրայ, որ ներկայացուած առիթներու մէջ հանդարտութիւնը եւ խա֊ղաղութիւնը չկորսուի: այս աստիճանը Հոգեւոր կեանքի մէջ բաւա֊կան զարգանալէն ետք կարելի է ստանալ:
դ- Մարմնի որեւէ անկարգ շարժում չունենալ. այս Աստուծոյ առանձնացեալ շնորհքը կ՛ըլլայ:

Ողջախոհութիւնը կոչուած է խիստ առաքինութիւն, իսկապէս մեր մարմինը եւ զգայարանքները երկար ժամանակ մահացնելէ ետք, կը հաստատւուի խաղաղութիւն եւ ներդաշնակութիւն մեր փոթորկոտ մարմինին մէջ:
Ողջախոհութիւնը պատուիրան մըն է, քիչ թէ շատ բոլորին համար. եթէ մեր մէջ մարմինը տէր եւ իշխող դառնայ, այն ժամանակ մեր բարոյական կեանքի մէջ յեղափոխութիւն մը յառաջ կր բերէ եւ մեզ անկարգութեան կը տանի:







All the contents on this site are copyrighted ©.