2014-12-13 08:57:13

Լեհաստանի ազգային ժողովը 2015-ը հռչակած է ՅՊԲ-ի տարի։


(Ռ.Վ.13 դեկտեմբեր 2014) Լեհաստանի ազգային ժողովը որոշած է 2015 տարին նուիրել սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետին։ Անոր մահուան 10-րդ տարելիցին ու անոր սրբադասման առաջին տարեդարձին առթիւ։ Լեհերը այս նախաձեռնութեամբ կ՛ուզեն պատուել անոր յիշատակը։
Ազգային ժողովը 5 Դեկտեմբերին այդ ուղղութեամբ քուէարկած է։ Խորհրդարանին 389 անդամները այո քուէարկած են, չորսը ոչ` եւ 5ը` ձեռնպահ։ Լեհաստանի ազգային ժողովի ադամները այս որոշումով ուզած են պատուել իրենց մեծ հայրենակիցը, որ մեծապէս նպաստած է համայնավարութեան փլուզումին եւ ազատ Լեհաստանի վերածնունդին ու անկախութեան։ Այդ քուէարկութեամբ նոյնպէս ուզած են ողջունել անոր տածած աշխատանքը մարդու իրաւունքին ու արժանաւորութեան ի խնդիր։








All the contents on this site are copyrighted ©.