2014-12-12 09:43:39

Ֆրանսայի ծերակոյտը եւ Իրլանտայի խորհրդարանը կը Ճանչնան Պաղեստինի պետութիւնը.


Սայեպ Օրէյքաթ յայտարարեց, որ պաղեստինեան ղեկավարութիւնը որոշած է Պաղեստինի պետութեան ճանաչման հարցով դիմել ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին:
Իսրայէլացի զինուորներու կողմէ խոշտանգուելէ ետք մահացած` Պաղեստինեան իշխանութեան գերիներու հարցերով նախարար Զիատ Ապու Այնի յուղարկաւորութեան ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ Օրէյքաթ նաեւ աւելցուց. «Պաղեստինեան ղեկավարութիւնը որոշեց բռնագրաւումին պաղեստինցիներու դէմ կատարած ոճիրներուն դադրեցման համար դիմել Միջազգային քրէական ատեանին»: Ան պաղեստինցի նախարարին սպանութեան համար ամբողջական պատասխանատուն նկատեց Իսրայէլը եւ վերջինիս հետ Պաղեստինեան իշխանութեան ապահովական համակարգումի դադրեցումը յայտարարեց:
Միւս կողմէ, Ֆրանսայի խորհրդարանէն ետք Ֆրանսայի Ծերակոյտը եւս երէկ Պաղեստինի պետութիւնը ճանչնալու կոչ ուղղող ոչ պարտադիր բանաձեւ մը որդեգրեց: Որոշումը որդեգրուեցաւ 154 թեր եւ 146 դէմ քուէներով:
Մինչ այդ, Իրլանտայի խորհրդարանը երէկ իր կարգին քուէարկեց ի նպաստ Պաղեստինի պետութեան ճանաչման:







All the contents on this site are copyrighted ©.