2014-12-12 08:31:51

Վատիկանի մէջ Յիսնակաց շրջանի քարոզներու առանցքը խաղաղութիւնն է։


(Ռ.Վ.12 դեկտեմբեր 2014) Յիսուս Քրիստոսի ս. Ծննդեան պատրաստութեան համար, որ Հայոց Եկեղեցին մօտ կը կոչուի ''Յիսնակաց'', ''Խաղաղութիւնը'' կը հանդիսանայ առանցքը Քահանայապետական Տան քարոզիչ` հայր Րանիէրօ Քանթալամեսսային ներկայացուցած խորհրդածութիւններուն։
Դեկտեմբեր ամսուայ առաջին երեք ուրբաթ օրերուն ընթացքին, Քահանայապետական Տան քարոզիչը իր խորհրդածութիւնները կը կեդրոնացնէ խաղաղութեան նիւթին վրայ` որպէս Աստուծոյ պարգեւը Յիսուս Քրիստոսի մէջ, որպէս Ս. Հոգւոյն ներգործութեան պտուղը եւ որպէս պարտականութիւն մը որուն համար աշխատիլ։
Երբ կը խօսինք խաղաղութեան մասին, յայտնեց հայր Քանդալամեսան, պէտք ենք մտաբերել սրտի խաղաղութիւնը, ընտանիքի խաղաղութիւնը։ Ս. Գիրքին համար այս խաղաղութիւնը առաքինութիւն մըն է, պտուղն է անհատին թափած ջանքերուն եւ Աստուծոյ պարգեւին։ Այս խաղաղութիւնը կ՛առաջնորդէ սրբութեան։ Աստուծոյ կամքը մեր խաղաղութիւնն է կ’ըսէր հանրածանօթ Տանթէ բանաստեղծը, քանի սրտի խաղաղութիւնը կախում ունի մեր Աստուծոյ կամքին միութենէն։ Յիսուս մեզի թողուց հետեւեալ խօսքը. ''Խաղաղութիւնս կը թողում ձեզի, իմ խաղաղութիւնս կու տամ ձեզի. Ոչ ինչպէս աշխարհը կու տայ, այլ ինչպէս ես կու տամ ձեզի''։








All the contents on this site are copyrighted ©.