2014-12-11 09:22:15

Պոլսոյ Հայկական եկեղեցւոյ մէջ հրդեհը ոչ թէ ելեկտրական խանգարումի արդիւնք եղած է, այլ կանխամտածուած հրկիզումի


«Ակօս» կը հաղորդէ, որ 7 դեկտեմբերին Պոլսոյ Քատըքէօյ թաղամասի հայկական եկեղեցւոյ մէջ բռնկած հրդեհին պատճառը բացայայտուած է:
Նախապէս կատարուած ենթադրութիւնները, թէ հրդեհը բռնկած է տեղադրուած տօնածառի լոյսերու կարճ միացման պատճառով, հերքուած է. եկեղեցին հրդեհած են դիտումնաւոր կերպով:
Եկեղեցւոյ անվտանգութեան տեսախցիկները տեսագրած են, թէ ինչպէ՛ս կասկածեալը կը մտնէ եկեղեցի եւ կը հրկիզէ զայն:
Կասկածեալը ձերբակալուած է: Ի յայտ եկած է, որ ան նախապէս դարձեալ այդպիսի արարքներ կատարած է:
Կը հաղորդուի, որ հրդեհին պատճառով հազարաւոր կրօնական գիրքեր ու խտասալիկներ հրկիզուած են:







All the contents on this site are copyrighted ©.