2014-12-11 13:11:23

Հայ ձեռագրի պատմութեան ուղիին վրայ


RealAudioMP3 Հայ մատենագրութեան թարգմանական գործերը

Հայ Մատենագրութիւնը մեզի կը հրամցնէ ստեղծագործական հարուստ ժառանգութիւն։ Պատմական, կրօնական եւ գիտական տոհմային ստեղծագործութիւններու կարգին հայ մատենագրութեան մէջ կը հանդիպինք մեծ թիւով թարգմանական գործերու։ Թարգմանութիւնները դասական մատենագրութեան սկզբնական շրջանին կատարուած են յատկապէս յունարէն եւ ասորերէն լեզուներէ։ Աւելի ուշ՝ ունինք թարգմանութիւններ արաբերէնէ, լատիներենէ, պարսկերէնէ եւ այլ լեզուներէ։ Ոսկեդար մատենագրութեան մաս կը կազմեն թարգամնութիւններ ինչպէս՝ Աստուածաշունչը՝ կոչուած նաեւ «Թագուհի Թարգմանութեանց», ունինք Եւթաղէն՝ սուրբգրային գործեր, Յերոնիմոսէն՝ սուրբգրային գործեր, Եպիփանէն՝ «Մահք Մարգարէից», Յովհաննէս Ոսկեբերանէն՝ մեկնութիւններ եւ ճառեր, Սեբերիանոսէն՝ ճառեր, Եւսեբիոս Եմեսացիէն՝ ճառեր, Կիւրեղ Աղեքսանդրացիէն՝ մեկնութիւններ, Կիւրեղ Երուսաղեմացիէն՝ «Կոչումն Ընծայութեան», Բարսեղ Կեսարացիէն՝ ճառեր, Եւագր Պոնտացիէն՝ քարոզներ, Եւսեբիոս Կեսարացիէն՝ ժամանակագրութիւն կամ «Քրոնիկոն» եւ եկեղեցական պատմութիւն։ Յիշենք նաեւ Գրիգոր Սքանչելագործ, Եփրեմ Ասորի, Անվաւերականք, Կանոնագիրք, Վարք Հարանց։ Երկար է շարքը թարգմանութիւններու, բայց կը բաւականանանք ասոնցմով։ Յունաբան շրջանի մատենագրութենէն ունինք մեծ մասով իմաստասիրական թարգմանութիւններ ինչպէս՝ Տիմոթէոս, Աիստոտել, Պորփիւր, Յամբլիքոս։
Այս Թարգմանութիւնները ծառայած են հայ ժողովուրդի եւ հայ եկեղեցւոյ հոգեւոր մշակոյթի զարգացման եւ աստուածաբանական երկերու միջեկեղեցական հարստացումներու։ Մեր մատենագիրներէն շատեր օգտուած են ընդհանրական քրիստոնէական եկեղեցւոյ պատկանող հայրերու այս գործերէն։
Նաեւ ոչ հայ մատենագրութեան համար այս թարգմանութիւնները ունին մեծ արժէք։ Յիշենք հոս Եւսեբիոս Կեսարացիի «Ժամանակագրութիւն»ը։ Այս գործը կը բաղկանայ երկու մասերէ։ Երկին մէջ կը ներկայացուին զանազան ազգերու ժամանակագրական տուեալները մինչեւ 325 թուական։ Ժամանակագրութեան առաջին մասը հասած է մեզի միայն հայերէն թարգմանութեամբ։ Որովհետեւ յունարէն բնագիրը կորսուած է, ուսումնասիրութեան համար հայերէնէ կրկին թարգմանուած է օտար լեզուներու։ Եւսեբիոսի ժամանակագրութիւնը կարեւոր գործ մը կը ներկայացնէ, որովհետեւ հեղինակը ձեռքին տակ ունեցած է աղբիւրներ, որոնք այսօր անհետ կորսուած են։ Այսպիսի է զ.օ. Մովսէս Խորենացի Պատմահօր պարագան, որ օգտագործած է աղբիւրներ եւ դիւանային նիւթեր, որոնք պատմութեան ընթացքին կորսուած են։
Եւսեբիոսի օրինակէն կը տեսնենք, թէ հայ մատենագրութեան թարգմանական ժառանգութիւնը կրնայ այսօր նպաստ մը մատուցանել միջազգային բանասիրութեան եւ եկեղեցւոյ հայրերու հոգեւոր ժառանգի ուսումնասիրութեան։
Հայերէնով միայն պահպանուած թարգմանական գործեր կան նաեւ զ.օ. Աթանաս Աղեքսանդրացիէն եւ Յովհաննէս Ոսկեբերանէն։
1889ին Վենետիկ հրատարակուած «Հայկական Թարգմանութիւնք Նախնեաց» աշխատասիրութեան յառաջաբանին մէջ Հ. Գարեգին Զարբհանալեան խօսելով մեր «Թարգմանչաց» եւ անոնց ստեղծագործական եւ թարգմանական ժառանգութեան մասին, կը գրէ՝
«Սրբոցն Սահակայ եւ Մեսրովպայ՝ մեծագոյն արդիւնք մʼալ այն ընտիր, քաջուսումն, երկարոգի աշակերտաց խումբն է, զորս հայրենեաց եւ ազգի օգտակար ընելու համար՝ նուիրեցին իրենց ամէն ճիգն ու աշխատութիւն, կրթեցին իմաստուն թելադրութեամբ եւ ուսմանց ջանիւք, քաջալերեցին ու խրախուսեցին իրենց աննման ու նախանձելի օրինակաւ, եւ եղան ժառանգք իրենց մեծ ոգւոյն եւ սրտին։ Ասոնք են արդէն մեզի ծանօթ եւ սիրելի Թարգմանիչք, որ երկնից եւ երկրաւոր հայրենեաց հոգեհրատ ու անծախական սիրով եւ հրով վառուած, մոռցան աշխարհի ամէն վայելք, պատրանք եւ հրապոյր, իրենց կեանքն, քիրտն ու աշխատութիւն բոլորանուէր ընծայելով Աստուծոյ եւ ազգին։ Այս երկու մեծ եւ սխրալիր նուիրմանց արդիւնք եւ արգասիք են, ինչ որ այսօր մեր տոհմային մատենագրութեան ամենամեծ ճոխութիւնն ու փառքն է. այնչափ մտաւոր երկք եւ թարգմանութիւնք որ կը զարմացընեն, յաճախելով մեր պարծանքը նաեւ օտար բանասիրութեան առջեւ։»








All the contents on this site are copyrighted ©.