2014-12-11 09:21:34

Ասորի կաթողիկէ եկեղեցւոյ տարեկան սիւնհոդոսը քննարկեց ասորիներու եւ հայերու ցեղասպանութեան հարիւրամեակի ոգեկոչումի ձեռնարկները։


(Ռ.Վ.11 դեկտեմբեր 2014) Ասորի կաթողիկէ եկեղեցին, 8-10 Դեկտեմբեր 2014, իր տարեկան սիւնհոդոսը գումարեց Հռոմի մէջ, գլխաւորութեամբ գերերջանիկ պատրիարք Ինքնատիոս Եուսեֆ Գ Եունան։
Սիւնհոդոսին իրենց մասնակցութիւնը բերին 18 ասորի կաթողիկէ եպիսկոպոսներ, որոնց մեծամասնութիւնը եկած է Միջին Արեւելքէն։ Իր բացման խօսքին մէջ պատրիարքը ըսաւ ''քրիստոնեաները դարերու հոլովոյթին միշտ ունեցած են փորձառութիւնը հալածանքի ու նահատակութեան։ Այսօր եւս Միջին Արեւելքի քրիստոնեաները թիրախ են մահմետականներու հալածանքին։ Հովիւներու առաջին պարտականութիւնն է նախ մխիթարել ու սփոփել Աստուծոյ ժողովուրդը ու օգնել անոնց` կարդալու ժամանակի նշանները եւ չբաւարարուիլ ողբով ու սուգով, հարկաւոր է այդ նշաններու մէջ ճանչնալ նախախնամութեան ծրագիրները։
Սիւնհոդոսական Հայրերը, երեք օրերուն ընթացքին, քննարկեցին հաւատացեալներու ապրած ծանրակշիռ վիճակը` ըլլայ Միջին Արեւելքին մէջ, ըլլայ սփիւռք։
Սիւնհոդոսի օրակարգին մէջ նախատեսուած էր ձեռնարկներու վերատեսութիւնը հայող քրիստոնեայ հայերու եւ ասորիներու ցեղասպանութեան հարիւրամեակի ոգեկոչումին, որ տեղի ունեցաւ Անատոլի մէջ 1915 թուականին։ Սիւնհոդոսին ընթացքին ուսումնասիրուեցաւ նաեւ կապը ընդմէջ եպիսկոպոսներուն ու քահանաներուն ինչպէս եւ անդրադարձ կատարուեցաւ համամիութեան երկխօսութեան` ասորի օրթոտոքս եղբայրներու հետ։
Պատրիարք Եունան Գ` իր մտահոգութիւնը յայտնեց Լիբանանի քաղաքական լճացած վիճակին նկատմամբ, հրաւիրելով քաղաքական դասակարգը ստանձնելու իր պատասխանատուութիւնը յաչս Աստուծոյ, Լիբանանի ժողովուրդին ու պատմութեան։ Պատրիարքը միաժամանակ մեծարեց Լիբանանի բանակին արի կեցուածքը պաշտպանելով հայրենիքը ծայրայեղ մահմետականներուն դէմ։ Պատրիարքը հուսկ անդրադարձաւ հիւսիսային Իրաքի քրիստոնեայ հասարակութեան կրած տառապանքին մասին, մատնանշելով որ քրիստոնեաները պարտաւորուեցան հեռանալ հայրենական տուներէն ի տես իսլամ պետութեան անողորմ նախայարձակումներուն, ապրելով փախստականի ցաւալի իրավիճակը։ Ներկայիս ըսաւ Ասորիներու պատրիարքը իրաքցի քրիստոնեայ ասորիներու մէկ երրորդէն աւելի անօճախ գաղթականի վիճակ ունին, անոնք փորձուած են արտերկիր փախչիլ ու ցմիշտ թողուլ պապենական իրենց հողերը։








All the contents on this site are copyrighted ©.