2014-12-10 12:22:50

ֆրանչիսկոս Քահանայապետին զեկոյցը Արժանթինի "La Nacion" օրաթերթին հետ


(Ռ.Վ.10 դեկտեմբեր 2014) Աստուած ինծի հանդէպ բարի է, ինծի շնորհած է անգիտակցութեան բաւարար քանակ մը։ Ամէն օր կ'ընեմ այն ինչ որ պէտք է ընել''։ Իր սովորական զուարթախօսութեամբ ու պարզութեամբ Քահանայապետը երկար զեկոյց մը ունեցաւ Արժանթինի "La Nacion" օրաթերթին հետ։
Իմ քահանայապետութեանս առաջին օրերուն սկիզբը ես ինծի ըսի։ ''Գէորգ, մի փոխուիր, մնացիր այն ինչ որ ես, ապա թէ ոչ ծիծաղելի պիտի ըլլաս'', Այսպէս սկսաւ ֆրանչիսկոս Քահանայապետին զեկոյցը մեկնաբանելով 21 ամսուայ քահանայապետութիւնը, պատասխանելով Արժանթինի լրագրողուհի Եղիսաբեթ Բիքէի հարցումներուն հայող. Վատիկանի կառավարութեան, ապահարզան եւ վերապսակուած զոյգերու մասին ու յատկապէս Քահանայապետին ցայժմ կատարած ճամբորդութիւններուն մասին։
Պատասխանելով Վատիկանի կառավարութեան բարեփոխութեան մասին Նորին Սրբութիւնը ըսաւ. Վատիկանի կառավարութեան վերատեսութիւնը նախ եւ առաջ հոգեւոր ու սրտի բարեփոխութիւնն է։ Կամաց կամաց կը յառաջանանք։ Ընթացքը շատ դանդաղ է եւ պէտք չէ սպասել անոր եզրակացութեան 2015 տարւոյն ընթացքին։ Քահանայապետը ապա մատնանշեց թէ նախարարութիւններու քարտուղարները ապագային անպայման եպիսկոպոսներ պէտք չէ ըլլան։ Խօսելով ներքին դիմադրութեան մասին Ան ըսաւ. մտահոգ չեմ, ասիկա բարի նշան է եւ կը նշանակէ որ բաներ մը կը շարժին։
Խօսելով ապա Ընտանիքի մասին, հոկտեմբերին կայացած սիւնհոդոսի մասին, Նորին Սրբութիւնը յայտնեց թէ ''Կարդինալ Վալթեր Քասբեր նոր ճամբայ մը բացաւ եւ ոմանք սարսափած են։ Սիւնհոդոսը սակայն ընթացք մըն է` շարժում մը եւ հայրապետներէն եւ ոչ մէկը հակառակ կեցաւ Եկեղեցւոյ վարդապետութեան։ Անձնապէս ոչ մէկ վախ ունիմ ընթանալու սիւնհոդոսի ուղիէն, քանի Աստուած մեզմէ այդ կը պահանջէ։ Արդարեւ Քահանայապետը երաշխաւորն է եւ պահակը հաւատքի ճշմարտութեան։
Հարցը Ամուսնալուծուած եւ վերապսակուածներուն Սուրբ Հաղորդութիւնը տալը կամ մերժելը չէ, այլ զանոնք ճանչնալն է որպէս անդամները եկեղեցւոյ։ Անոնք բանադրուած չեն ուստի պէտք չէ վառուիլ անոնց հետ որպէս բանադրուածներ, արգիլել անոնց կնքահայրութիւնը, դպրութիւնը, Սուրբ հաղորդութիւն տալը եւ կրօնուսուցումը։ Ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ու արտայայտուելով
''մենասեռականներու'' մասին ըսաւ. սիւնհոդոսն ընթացքին ոչ ոք խօսեցաւ անոնց ամուսնութեան մասին։ Խօսք եղաւ ի՞նչպէս զանոնք օգնել անսովոր կացութեան մը մէջ։

Պատասխանելով հուսկ իր յառաջացած տարիքին մասին Սրբազան Քահանայապետը որ 17 դեկտեմբերին կը տօնէ իր 78 ամեակը ըսաւ`. կը զգամ իմ յառաջացած տարիքս եւ ցաւեր ունիմ, սակայն միշտ կը մնամ Աստուծոյ ձեռաց մէջ, մինչեւ օրս ի վիճակի եմ տակաւին յառաջ տանելու բաւականաչափ աշխատանք։








All the contents on this site are copyrighted ©.