2014-12-10 12:39:47

Վատիկանի ձայնասփիւռը վերանորոգեց իր կայքէջը։


(Ռ.Վ.10 դեկտեմբեր 2014) Ուրբաթ, 12 դեկտեմբերին, կէսօրին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի եւ Վատիկանի ձայնասփիւռի ընդհանուր տնօրէն Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտին, Վատիկանի ձայնասփիւռի կեդրոնի Մարքօնի սրահին մէջ, կը ներկայացնէ Ռատիօ Վատիկանի համացանցի վերանորոգուած կայքէջը։
''Ռատիօ վատիկանը կը շարունակէ իր յատուկ յանձնառութիւնը թուայնացուած հաղորդագրութեան ծիրէն ներս, Եկեղեցւոյ եւ Աւետարանի ծառայութեան ի սպաս''։ Ձայնասփիւռի համացանցային վերանորոգումը չկայանար մի միայն գեղարուեստական եւ աւելի գեղեցիկ փոփոխութիւններ ներկայացնելուն մէջ, այլ՝ անոր մէջ գտնուող պարունակութեան վերանորոգ կազմակերպութեան մէջ, որ պիտի նպաստէ աւելի արդիական եւ ընկերային մօտեցումին՝ առանց կորսնցնելու Ռատիոյի յատուկ՝ աւետարանական առաքելութիւնը'', յայտնեց Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտին։
Վերանորոգուած համացանցին մէջ, յատուկ բաժանմունք մը յատկացուած է Ֆրանչիսկոս Պապի գործունէութիւններուն, ուր անմիջականօրէն կը զետեղուի Անոր խիտ օրակարգը եւ թուիթները։ Նորութիւններու շարքին է նաեւ յատուկ ծրագիր մը (app) որուն միջոցաւ կարելի է հետեւիլ լուրերուն եւ ունկնդրել 37 լեզուներով սփռուած հաղորդումները եւ ուղիղ եթերով հետեւիլ վատիկանեան ու միջազգային իրադարձութիւններուն։







All the contents on this site are copyrighted ©.