2014-12-10 09:42:16

Պքէրքիի մէջ կրօնաւորական կեանքի նուիրեալներու տարուան բացում


Շաբաթ 6 Դեկտեմբեր 2014-ին, երեկոյեան ժամը 4:00-ին, Պքէրքիի Մարօնիթ Պատրիարքարանին մէջ պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ «Կրօնաւորական Կեանքի Նուիրեալներու Տարուան», զոր հռչակած է Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը: Սուրբ և Անմահ Պատարագ մատուցանեց Ամեն. Պէշարա Րաի Պատրիարքը, համապատարագեցին Լիբանանի կրօնաւորական հաստատութիւններու Մեծաւոր Հայրերը: Արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին Պապական Նուիրակ Վսեմաշուք՝ Գաբրիէլ Քաչչիա, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով Լիբանանի տարբեր շրջաններու վանքերէն և ուխտավայրերէն ժամանած կրօնաւոր-կրօնաւորուհիներ և նուիրեալ աշխարհականներ: Զմմառու Տիրամօր վանքէն ներկայ գտնուեցան Վարչական հայրերն ու Երան. Մալոյեան Դպրեվանքի սաները: Ամեն. Պէշարա Րաի Պատրիարքը իր քարոզին մէջ ջերմապէս շնորհաւորեց ներկաները և կոչ ուղղեց համայն քրիստոնեայ աշխարհին տէր կանգնիլ Արեւելքի Քրիստոնեաներուն: Պատարագի աւարտին փոխադարձ մաղթանքներ կատարուեցան վանքերու վանահայրերու միջեւ վերստին տեսնուելու խոստումով







All the contents on this site are copyrighted ©.