Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը այցելեց Հանրապետութեան Միւֆթիին։
Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը երեքշաբթի 9 դեկտեմբերին,
այցելեց Տար Ֆաթուա, ուր հանդիպում մը ունեցաւ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ
Տըրիանի հետ: Հանդիպումին ընթացքին հոգեւոր տէրը ընդգծեց Տար Ֆաթուայի ազգային դերակատարութեան
կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի հարցերը իմաստուն կերպով լուծելու անոր կարողութիւնը,
«յատկապէս Լիբանանի դիմագրաւած այս դժուար եւ զգայուն հանգրուանին», ըսաւ ան: Ներսէս
Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը շեշտեց, որ այս պայմաններուն տակ Լիբանան կարիքը ունի
քաղաքացիական եւ հոգեւոր ղեկավարութիւններուն` աւելցնելով, որ իր կատարած այցելութեան
նպատակն է ծառայել կրօնական եւ ազգային հարցերուն` իրարու միջեւ փոխըմբռնում գոյացնելով: «Լիբանան
այսօր կարիքը ունի իր բոլոր զաւակներուն` նկատի ունենալով անոր դիմագրաւած պայմանները»,
ըսաւ հոգեւոր տէրը` հաստատելով, որ այս հանգրուանին բոլորը պէտք է գիտակցին երկրին դիմագրաւած
վտանգներուն եւ համախոհութիւն գոյացնեն` Լիբանանը իր տագնապներէն դուրս բերելու համար: