2014-12-10 09:41:45

Հայ եկեղեցին եւ Հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ


Ուռկանի Երկու Տեսակներ
Ձուկը բռնելու տարբեր ձեւեր կան: Այսօրուան յառաջադէմ արհեստագիտութիւնը նոյնիսկ ձկնորսական նաւերը օժտած է այնպիսի ելեկտրոնային սարքերով, որոնք որոշ խորութեան վրայ ցոյց կու տան ձուկերու ներկայութիւնը, վերացնելով ձկնորսներու յուսալից սպասումները:
Անոնք այլեւս հին օրերու նման ձուկ բռնելու յոյսով ժամեր չեն կորսնցներ ձուկ չեղած ջուրերու վերեւ սպասելով, այլ՝ գիտե՛ն, թէ ո՛ւր պէտք է նետեն իրենց կարթը կամ տարածեն իրենց ուռկանները:
Առածը կ՛ըսէ. «Տղուդ ամէն անգամ ձուկ մը տալով կշտացնելու փոխարէն, ձկնորսութիւն սորվեցուր անոր»: Ասիկա որպէս պատգամ ուղղուած է հարուստ եւ իրենց զաւակներուն հանդէպ զգուշաւոր հոգածութեամբ լեցուած ծնողներուն. քանի որ, կարգ մը ծնողներ իրենց բացառիկ սէրէն մղուած՝ հանդէպ իրենց զաւակներուն, եւ որպէսզի կեանքի դժուարութիւններէն անտեղեակ ըլլան, ամէն դիւրութիւն կ՛ընծայեն անոնց,: Մինչդեռ, կեանքի դժուարութիւններէն ծեծուելով կոփուիլը ու յղկուելով թրծուիլը շատ աւելի արդիւնաւէտ յառաջդիմութիւն են, քան՝ բամպակի վրայ քալելն ու մնայուն փայփայանքի ենթակայ մնալը: Փաստօրէն կեանքը փշոտ ու փոշոտ ճանապարհներ ալ ունի, եւ կրնայ պատահիլ նաեւ, որ միշտ բամպակի վրայէն քալած ու իր ծնողներուն հովանաւորութիւնը վայելած մարդն ալ օր մը կորսնցնէ այդ հովանաւորները, ու հարկադրուած ըլլայ բոկոտն անցնելու քարքարուտ ճամբաներէ:
Շատեր, ձկնորսութիւն սիրողները պաղարիւն կը համարեն, որովհետեւ այնպէս կը խորհին, թէ կարթն ի ձեռին կենալն ու համբերելը ջուրի եզրին, պաղարիւնութիւն կը պահանջէ. իսկ թռչուններու կամ ուրիշ տեսակի չորքոտանիներու որսը շատ աւելի նպատակայարմար կը գտնեն արագաշարժ արկածախնդիրներուն համար, որովհետեւ անոնք խառնուածքով անհանդարտ եւ «կրակի հետ խաղացող» նկարագիրի տէր մարդիկ կ՛ըլլան սովորաբար:
Հանդարտութիւնը, ձկնորսներու պարագային, ուրիշներ կը թարգմանեն իբրեւ անտարբերութիւն: Նման կարծիք ունեցողներ կը մոռնան սակայն, որ պէտք է նաեւ դիտել ձկնորսներուն դէմքը, մանաւանդ այն ատեն, երբ յանկարծ սլաքածայր կարթը կախուի ձուկի բերանէն, ու դողդողացնէ եղէգին թելը… Կամ՝ երբ ջուր նետուած ծանրաբեռն ուռկանը քաշելու պահը հասնի, մէջը «եռացող» ձուկերով: Այդ պահուն ձկնորսներուն դէմքին վրայ ուրուագծուող ուրախութիւնը ամբողջովին կը տարբերի տարբեր ուրախութիւն ապրող մարդոց ցնծութենէն: Այդ ոգեւորութիւնը գոհունակութեան ապրումներու անբացատրելի համադրութիւն մըն է, որուն մասին միայն կրնան ձկնորսները իրե՛նք վկայութիւն տալ:
Կենդանիներու իրաւունքներով մտահոգ միջազգային կազմակերպութիւններ եւ անհատներ ալ համաձայն պիտի ըլլան մեզի հետ, որովհետեւ կարթով բռնուած ձուկերուն նման «բերնի ցաւ» ալ պիտի չունենան ուռկանով բռնուած ձուկերը: Համոզուեցանք ուրեմն, թէ ձուկ բռնելու լաւագոյն կերպը ուռկանով կատարուած ձկնորսութիւնն է:
Մարդ բռնելու համար ալ յատուկ ուռկան մը կայ, որ թէեւ նիւթեղէն թելերով հիւսուած չէ՛, սակայն ձուկ բռնելու ուռկանին չափ դժուարաւ լուծանելի կը դառնայ, անգամ մը որ հանգուցուի: Այդ ուռկանը մարդկային լեզուն է:
Մարդը բռնելու համար ուռկաններու պէտք չունիս: Անոր լեզուն բաւական է զինք բռնելու համար: Մարդուն լեզուն այնքան առաձգական է, որ ուռկանի նման տարածուելով կրնայ իր մէջ «բռնել» նոյնինքն իր տիրոջ: Մարդուն բերնէն ելած խօսքը այնքան չափաւոր, զգուշաւոր ու տեղին պէտք է ըլլայ, որ հետագային զայն ուրիշներ չ՛օգտագործեն «ուռկան» հիւսելու եւ զինք «բռնելու» համար:
Դատարաններու մէջ, դատախազին եւ յատկապէս գլխաւոր դատաւորին փորձառութիւնը ի յայտ կու գայ ճիշդ այն պահուն, երբ անոնք կը յաջողին ամբաստանեալին բերնով զինք դատապարտել: Վկաներու դերակատարութիւնը իր հերթին կարեւոր է, ու անոնց տուած հիմնաւոր վկայութիւնները նկատառման արժանի: Սակայն իսկական վաւերականութիւն ունեցող վկայութիւնները այն արտայայտութիւններն են, որոնք ամբաստանեալի բերանէն դուրս կու գան, երբ դատախազն ու դատաւորը յաջողին դատապարտեալին սեփական «ուռկան»ը փռել անոր վրայ, բռնելով զայն ի՛ր իսկ «ուռկան»ին մէջ՝ ի՛ր լեզուով դատելով զինք:
Այնպէս, ինչպէս ձկնորսի ուռկանին հիւսքերուն ծակտիկներէն փոքր ձուկերը կը յաջողին փախչիլ, սակայն մեծերը անկասկած կը բռնուին, նոյնպէս ալ մարդ երբեմն կը յաջողի փոքր սուտեր խօսելով որոշ ժամանակ յանցանքը հեռացնել իր վրայէն: Սակայն, երբ «մեծ ձուկեր»ը ներսն են, ուռկանին մէջ բռնուած են, անպայման, երբ ուռկանը դուրս բերուի ջուրէն, անոնք ի յայտ պիտի գան ու բռնուելով՝ սակառին մէջ լեցուին: Նոյնն է նաեւ լեզուի «ուռկան»ին պարագան: Երբ յանցաւոր ես, անպայման ի յայտ պիտի գայ յանցանքդ, լեզուիդ ուռկանին վրայ փռուելովը: Նայէ՛, թէ ինչպէ՞ս կրնաս այդ ուռկանը միշտ մաքուր պահել, հիւսքերը՝ անխառն, թելերը՝ կոկիկ, իսկ ինքը՝ կանոնաւորաբար ծալլուած, որպէսզի ոեւէ մէկը չյաջողի զանիկա իբրեւ ուռկան գործածել, քեզ բռնելու համար:







All the contents on this site are copyrighted ©.