2014-12-10 12:08:29

Լիոնի կարդինալի գնահատումով Իրաքի հաւատացեալները ի գին դժուարութիւններուն ու հալածանքին հաստատ կը մնան իրենց հաւատքին մէջ։


(Ռ.Վ. 10 դեկտեմբեր 2014) ''Եղբայրակցութեան, լոյսի ու հաւատքի պահ մը ապրեցանք Իրաքի քրիստոնեաներու հետ տեսակցելով'', ըսաւ կարդինալ ֆիլիփ Պարպէրէն` առաջնորդը ֆրանսայի Լիոն թեմին, նկարագրելով իր հանդիպումը Իրաքի քրիստոնեաներուն հետ, որոնց յանձնեց ֆրանչիսկոս Քահանայապետին լսատեսողական պատգամը որուն մէջ Նորին Սրբութիւնը քաջալերեց եւ օրհնեց քրիստոնեաներուն հաւատարմութիւնը Աւետարանին։
Քաղդէացիներու պատրիարքը իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց ֆրանսայի եկեղեցւոյ պատուիրակութեան։ Անոնց ներկայութիւնը մեր մէջ, ըսաւ Գերերջանիկ Սաքօ պատրիարքը` եղաւ բարոյական ու հոգեւոր նեցուկ մը ինչպէս նաեւ մխիթարանք եւ յոյս։








All the contents on this site are copyrighted ©.