2014-12-10 09:01:23

Եպիսկոպոսներու սիւնհոդոսի ԺԴ ընդհանուր ժողովի նախապատրաստական հարցարանի ընդհանուր գիծերը։


(Ռ.Վ. 10 դեկտեմբեր 2014) Եկեղեցին կը պատրաստուի գումարել Եպիսկոպոսներու սիւնհոդոսի ԺԴ ընդհանուր ժողովը, որուն աշխատանքները նախատեսուած են յառաջիկայ 4-15 Հոկտեմբեր 2015։ Սիւնհոդոսին նիւթն է. ‘’Ընտանիքի կոչումն ու առաքելութիւնը Եկեղեցւոյ ու ժամանակակից աշխարհին մէջ’’։
Որպէս պատրաստութիւն այդ համագումարին, Սիւնհոդոսի Ընդհանուր քարտուղարութիւնը, նախապատրաստական հարցարան մը ուղարկած է աշխարհի եպիսկոպոսական դասերու, Արեւելեան եկեղեցիներու պատրիարքական սիւնհոդոսներուն, կրօնաւորական միաբանութիւններուն, մեծաւորներու Միութեան ու Վատիկանի կառավարութեան բոլոր նախարարութիւններուն, որպէսզի իրենց կարգին ուսումնասիրեն զայն ու իրենց պատասխանները` դիտողութիւնները ու գաղափարները հաղորդեն սիւնհոդոսի քարտուղարութեան նախքան 15-Ապրիլ 2015ը, որպէսզի Սիւնհոդոսի Քարտուղարութիւնը կարողանայ շարադրել Սիւնհոդոսի ԺԴ Ընդհանուր Հաւաքի աշխատանքային թղթածրարը։
Բնականաբար Սիւնհոդոսի Ընդհանուր Քարտուղարութիւնը բաղձանք յայտնած է որ Աստուծոյ համայն ժողովուրդը իր մասնակցութիւնը բերէ։ Նախապատրաստական հարցարանը կը խնդրէ որ պատշաճօրէն նկարագրուի ընտանիքի իրավիճակը այսօրուայ ընկերութեան մէջ։ Ընտանիքի կացութիւնը յաչս մշակութային հակասութիւններու ու աշխարհականացեալ ընկերութեան, որ կը մտի մերժել ընտանիքի տիպարը, որպէս այր եւ կնոջ միութիւնը բաց որդեծննդեան։
Նախապատրաստական հարցարանին մէջ կը խնդրուի` ի՞նչպէս պատրաստել խորհրդակատարները, որպէսզի իրենց կարգին, պատշաճօրէն պատրաստեն քրիստոնեայ ընտանիքները վկայութիւն տալու կեանքի գեղեցկութեան նոր սերունդներուն։ Ապա ի՞նչպէս սերտել այն ընտանիքներու կացութիւնը որոնք կ’ապրին հեռու քրիստոնէական տիպարէն եւ այն ընտանիքներունը` որոնք չեն կնքուած։
Ընտանիքի Աւետարանը Վատիկանեան Բ Տիեզերական ժողովի լոյսով նկատուած է որպէս հիմնական տարր մը, ամբողջացում տալու քրիստոնեայ ընտանիքի կոչումին ու առաքելութեան։ Ուստի հարկաւորութիւնը կը զգացուի ընդգծելու կարեւոր դերը հովիւներուն ու եղանակը ջամբելու Աստուածաշունչի ուսուցումը հայող ամուսնութեան ու ընտանիքի արժէքներուն։ Հովիւներուն պարտականութիւնն է հասուն դարձնել զոյգերը կեանքի, ամուսնութեան, անլուծանելիութեան գեղեցկութեան, ու դժուարութիւններու յաղթահարումին Աստուծոյ հետ կապի մէջ մտնելով։ նաեւ կը Նախապատրաստական հարցարանը կը հրաւիրէ հովիւները լաւագոյնս ճանչցնելու եկեղեցւոյ վարդապետութիւնը ընտանիքի նիւթին մասին եւ այսպէսով ըմբռնելու անքակտելի ու պտղաբեր ամուսնութեան արժէքը, որպէս միջոց անհատի իրականացումին եւ ուրախութեան։ Սակայն ամուսնութիւնը եւ ընտանիքը միմիայն ճշմարտութիւն եւ գեղեցկութիւն մը չեն։ Բազմաթիւ են վիրաւոր ու դիւրաբեկ ընտանիքները, որ կարիքը ունին քաջալերանքի, գթութեան ու համբերութեան, առանց քօղարկելու աւետարանական իտէալը։ Հետեւաբար ի՞նչպէս ճանչնալ մարդկային բեղուն արժէքները միութեան, զանազան երեւոյթներու մէջ, հասնելու քրիստոնէական միութեան լիութեան։ Վաւերաթուղթը բացայայտօրէն կ՛ընդգծէ հարկաւորութիւնը ընտանիքներու մասնակցութեան քահանաներու կազմութեան, ինչպէս համագործակցութեան կարեւորութիւնը ընտանիքի ի սպաս Եկեղեցւոյ եւ ընկերա-քաղաքային հաստատութիւններու միջեւ, նոյնիսկ միջազգային գետնի վրայ։ Ի՞նչպէս կարելի է հիմնուիլ այս համագործակցութեան վրայ երբ մշակութային, տնտեսական եւ քաղաքական գետնի վրայ, քաղաքական հաստատութիւնը կը մտի ականել ընտանիքի նոյնինքն իրականութիւնը։
Սիւնհոդոսական հարցարանը կը կեդրոնանայ հովուական հոգատարութեան անոնց հանդէպ որոնք քաղաքացիական ամուսնութիւն կը կնքեն կամ պարզապէս կը համակենակցին։ Նման վիճակներ յաճախ հետեւանքն են մշակութային կամ տնտեսական դրդապատճառներու, աւանդութեան մը ու երբեմն կարգ մը երիտասարդներու դժուարութեան ցմիշտ ընտրութիւններ կատարելու։ Ի՞նչպէս օգնել նման վիճակի մէջ գտնուող անհատները։
Հարց կը դրուի նաեւ թէ ո՞րքան քրիստոնեայ հասարակութիւնը պատրաստ է հոգ տանելու վիրաւոր ընտանիքներուն։ Միւս կողմէն ուղիներ կը փնտռուին պարզաբանելու ու հարթելու դատը ամուսնութեան անվաւերութեան ճանաչումին։ Նոյնպէս հարկաւորութիւնը կը զգացուի հոգածութեան առարկայ դարձնել ամուսնալուծուած եւ վերապսակեալ զոյգերու իրավիճակը, հարցադրելով` ի՞նչ թելադրել անոնց։ Սիւնհոդոսական թղթածրարը եպիսկոպոսներուն ուշադրութեան կը հրաւիրէ միասեռական հակում ունեցողներու հարցը, անոնք եւս կը կարօտին Աստուծոյ ողորմութեան` Աւետարանի լոյսով։ Հարցարանի աւարտին կը խօսուի կեանքի փոխանցումին որպէս հիմնական տարր ընտանիքի կոչում-առաքելութեան։ Հարցարանը կը քաջալերէ երկխօսութիւնը կենսա-բուժական գիտութեան հետ, կը քաջալերէ որդեգրութիւնը եւ կը հարցադրէ հաւաքական գիտակցութեան ժողովրդագրական յեղաշրջումի հետեւանքներու մասին։ Նախապատրաստական հարցարանը հուսկ կը խնդրէ սիւնհոդոսական հայրերէն ու եկեղեցական մարմիններէն սերտելու եղանակը` օգնելու ծնողներուն հաւատքի փոխանցումի պարտականութեան մասին, գիտնալով որ նման պարտականութիւն մը անբաժան մէկ մաս մըն է քրիստոնէական ինքնութեան եւ ի՞նչպէս ընել որ նման կրթական պարտականութիւնը արձագանգ գտնէ ընկերա-քաղաքական մարզին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.