2014-12-10 13:43:11

''Այլեւս ոչ թէ ստրուկ այլ եղբայրներ'' Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին 2015-ի` խաղաղութեան համաշխարհային օրուայ պատգամը։


(Ռ.Վ.10 դեկտեմբեր 2014) Չորեքշաբթի 10 դեկտեմբեր 2014-ի կէսօրին` Սուրբ Աթոռի` Յովհաննէս Պօղոս Բ անուան սրահին մէջ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ներկայացուեցաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին 2015-ի` խաղաղութեան համաշխարհային օրուայ առթիւ (1 Յունուար 2015) հրատարակած պատգամը որուն խորագիրն է ''Այլեւս ոչ թէ ստրուկ այլ եղբայրներ''։
Մամլոյ Ասուլիսին ելոյթ ունեցան Արդարութիւն եւ Խաղաղութիւն քահանայապետական խորհուրդի նախագահը կարդինալ Փիդէր Թուրքսոն, խորհուրդի քարտուղար գերապայծառ Մարիօ Թոզօ եւ խորհուրդի անդամ Տոքթ Վիթթորիօ Ալպերթին։
2015-ի ֆրանչիսկոս Քահանայապետի ''այլեւս ոչ թէ ստրուկ այլ եղբայրներ'' բնաբանով` խաղաղութեան միջազգային 48-րդ օրուայ պատգամը` քաղուած է Պօղոս առաքեալի Փիլիմոնի ուղղուած թուղթէն։
Պատգամին ներածականը կը հայի Աստուծոյ ծրագրին մարդկութեան նկատմամբ։ Պատգամը բաղկացած է երկու մասերէ`
Առաջինին մէջ Սրբազան Հայրը կը խօսի երեկուայ ու այսօրուայ ստրկութեան զանազան երեւոյթներու մասին, վերակոչելով անոնց խոր դրդապատճառները,։
Մինչ երկրորդ մասին մէջ կը յորդորէ հասարակաց լուծումներ որոնել յաղթահարելու ստրկութիւնը, որակելով զայն որպէս գարշելի մէկ երեւոյթ։
Նախաբանին մէջ Սրբազան Հայրը իր աղօթքը կը բարձրացնէ առ Աստուած որպէսզի դադրին պատերազմները եւ զինեալ ընդհարումները, ուստի կը յիշեցնէ որ մարդը, հաղորդակցութեան էակ, սահմանուած է ինքզինք իրականացնելու մարդկային միջ յարաբերութիւններու միջոցաւ կիրարկելով արդարութիւնն ու եղբայրսիրութիւնը։
Եղբայրակցութիւնը որ է հիմնական կապը ընտանեկան կեանքի եւ ընկերութեան, կը դրսեւորուի եղբայրներու բազմազանութեան ու տարբերութեան մէջ, ստեղծուած Աստուծոյ պատկերին ու նմանութեան համաձայն, ունենալով միեւնոյն բնութիւն եւ միեւնոյն արժանաւորութիւն։ Սակայն երբ մեղքը կը խզէ այս եղբայրակցութիւնը, այն ատեն դուրս կու գայ ստրկութեան մշակոյթը, որ պատճառ կը դառնայ ''ուրիշին մերժումին, չարաշահումին եւ անհաւասարութեան սահմանադրութեան''։ Այս պատճառաւ , քրիստոնեայ հասարակութիւնը պէտք է ըլլայ վայրը եղբայրներու միջեւ ապրուած հաղորդութեան։
Պատգամի առաջին մասին մէջ Նորին Սրբութիւնը ի յայտ կը դնէ տարիներու ընթացքին մարդկային խիղճի դրական յեղաշրջումը որուն շնորհիւ ''ստրկութիւնը'' ջնջուեցաւ։ Բայց եւ այնպէս - նկատել կու տայ Քահանայապետը - այսօր միլիոնաւոր անհատներ ստիպուած են ապրիլ ''ստրկացուցիչ պայմաններու մէջ'', օրինակ բերելով ողբերգական իրավիճակներ` ինչպէս գաղթականութեան երեւոյթը, բանտարկեալներունը, աշխատանքի չարաշահումը եւայլն. բոլորը ''Ստրկութեան ծպտուած իրողութիւններ'' որոնք յառաջ կու գան մեղքէն եւ ուրիշին մէջ մարդկութեան ճանաչումի ժխտումէն, ուր մարդը կը նկատուի որպէս առարկայ։ Ասոր կից կայ` աղքատութիւնը, դաստիարակութեան կարելիութեան պակասը, աշխատանքի պակասը ինչպէս նաեւ ոճրագործութեան ցանցերը որոնք կը զբաղին մարդավարութեամբ օգտագործելով համակարգչային ծրագրային սարքաւորումը երիտասարդները խաբելու համար, ապա պատերազմը, բռնութիւնները եւ կառավարական ու իշխանութեան կաշառակերութիւնը։ Երեւոյթներ որ տեղի կ՛ունենան երբ տնտեսական համակարգին որպէս կեդրոն ընտրուի դրամ-աստուածը եւ ոչ թէ մարդ անհատը։
Երկրորդ մասը յատկացուած է ստրկութեան յաղթահարումին` միասնական յանձնառումի եւ եղբայրակցութեան համաշխարհայնացումի միջոցաւ։
Ստրկութիւնը կ՛իրականանայ հասարակաց անտարբերութեան հետեւանքով, կը գրէ Ֆրանչիսկոս Պապը մատնանշելով նաեւ բազմաթիւ կրօնաւորական հաստատութիւններու լռելեան ու դրական գործունէութեան։ Սրբազան Հայրը կը յորդորէ որդեգրել երեք յանձնառումներ` ''միասնական եւ համընդհանուր աշխատանք'', սկսեալ կառավարական իշխանութիւններէն ու անոնց ծրագրած օրէնսդրական սահմանադրութիւններէն։ Արդար օրէնքներ որ կը պաշտպանեն մարդու հիմնական իրաւունքը սկսեալ կիներէն որոնց պէտք է ճանչցուի ընկերային դերը, անցնելով ձեռնարկութիւններէն որոնք իրենց աշխատաւորներուն ապահովելու են արժանավայել աշխատանք ու միջ-կառավարական կազմակերպութիւններէն որոնք պէտք է համագործակցին ոճրագործ ցանցերը կասեցնելու…։
Սրբազան Հայրը ապա կ՛անդրադառնայ Սուրբ Աթոռի մարդավաճառութեան դէմ յանձնառումի մասին հրաւէր ուղղելով համաշխարհայնացնելու եղբայրակցութիւնը եւ ոչ թէ ստրկութիւնն ու անտարբերութիւնը։
Սրբազան Հայրը պատգամը կ՛եզրափակէ կոչ մը ուղղելով բոլոր բարի կամք ունեցող այրերուն եւ կիներու որպէսզի մեղսակից չդառնան չարին ալ քաջութիւնը ունենան ձեռքով դպչելու Քրիստոսի տառատպեալ մարմնին։
Կը գտնուինք երեւոյթի մը դիմաց որ կը գերազանցէ մէկ հասարակութեան մը եւ ազգի մը փորձառութիւնը, ու կը գտնուինք անտարբերութեան համաշխարհայնացումի դիմաց որուն դէմ պէտք է պայքարիլ զօրակցութեան եւ եղբայրութեան համաշխարհայնացումի միջոցաւ յոյս ներշնչելու համար ստրկութեան զոհերուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.