2014-12-09 09:00:33

Անարատ Յղութեան տօնին առթիւ արտասանած իր աղօթքով Ֆրանչիսկոս Պապը Աստուածամօրմէ խնդրեց ազատագրել մարդկութիւնը հոգեւոր եւ մարմնաւոր ստրկութենէն։


(Ռ.Վ. 9 դեկտեմբեր 2014) Երկուշաբթի` 8 դեկտեմբեր 2014ին, ըստ լատինաց Անարատ Յղութեան տօնին առթիւ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, յետմիջօրէին, այցելելէ ետք Հռոմի Սանթա Մարիա Մաճճորէ Պազիլիքան փոխադրուեցաւ Հռոմի նշանաւոր հրապարակներէն ''Բիացցա տի Սպանիա'' հրապարակը, ուր բազմահազար հռովմէացի եւ օտարազգի հաւատացեալներ համախմբուած էին ներկայ գտնուելու Անարատ Յղութեան նուիրուած աւանդական պաշտամունքի արարողութեան,
որ տեղի կ՛ունենայ ամէն տարի, Սրբազան Քահանայապետի գլխաւորութեամբ, հրապարի վրայ գտնուող ''Անարատ Յղացեալ՝ Ս. Կոյս Մարիամ Աստուածածնայ՝՝ բարձր արձանի ոտքին։
Այս առթիւ Նորին Սրբութիւնը աղօթք մը արտասանեց որուն մէջ Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածածինէն խնդրեց որ ազատագրէ մարդկութիւնը հոգեւոր եւ նիւթական որեւէ ստրկութենէ։
''Ըրէ որ մենք եւս, քու զաւակներդ, գիտնանք ըլլալ ողորմած այնպէս ինչպէս մեր Երկնաւոր Հայրը ողորմած է - ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը իր աղօթքին մէջ խնդրելով նաեւ որ ''Այս ժամանակաշրջանին որ մեզ կ՛առաջնորդէ Յիսուսի ս. Ծննդեանն տօնին, մեզի սորվեցուր հակահոսանք ընթանալ, մերկանալ, խոնարհիլ, նուիրուիլ, ունկնդրել, եւ լրութիւն պահել ու մեր կեդրոնականութենէն դուրս ելլել, տեղ տալու համար Աստուծոյ գեղեցկութեան որ է իսկական երջանկութեան ակնաղբիւրը։ Ով Անարատ Յղացեալ` մեր Մայրը, աղօթէ մեզի համար''։








All the contents on this site are copyrighted ©.