2014-12-08 13:04:19

Նշուեցաւ Գերապայծառ Պաթագեանի եւ Գերյարգելի Կռանեանի Քահանայական Ձեռնադրութեան 60-րդ տարեդարձը։


RealAudioMP3
(Ռ.Վ. 8 դեկտեմբեր 2014) Կիրակի, 7 Դեկտեմբեր 2014-ին, երեկոյեան ժամը 6-ին, Լիբանանի Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի Սրբոյ Կոյսին Աւետման եկեղեցւոյ մէջ, հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց` Ամենապատիւ եւ գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ.Կաթողիկոս Պատրիարքին, տեղի ունեցաւ գոհաբանական Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը զոր մատուցեցին` Զմմառու Արծիւեան միաբանութեան անդամ` Արհիապատիւ Հայր Մանուէլ եպիսկոպոս Պաթագեան եւ Գերյարգելի Հայր Անդրանիկ ծ. վրդ. Կռանեան, իրենց Քահանայական Ձեռնադրութեան 60-րդ տարեդարձին առիթով։
Սուրբ Զոհի ընթացքին յոբելեարները իրենց սրտի խօսքը արտասանեցին, որուն մէջ գոհաբանութիւն յայտնեցին Աստուծոյ իրենց պարգեւած շնորհքներուն համար։
Յաւարտ Սուրբ Պատարագին՝ հոգեւոր եւ դասական համերգ մը տեղի ունեցաւ Հ.Կ.Մ.ի Արարատեան սրահին մէջ, կատարողութեամբ պատրիարքական «Կռունկ» երգչախումբին եւ ղեկաւարութեամբ՝ Դոկտ. Եդուարդ Թորիկեանին:










All the contents on this site are copyrighted ©.