2014-12-07 10:31:58

Աւստրալիայի եկեղեցին Կիրակի, 7 Դեկտեմբերը հռչակած է Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն զօրակցութեան Օր։


(Ռ.Վ 7 դեկտեմբեր 2014) Աւստրալիայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասը կիրակի 7 Դեկտեմբերը նուիրած է Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն։ Այս նախաձեռնութեամբ Աւստրալիայի եկեղեցին կը հրաւիրէ հաւատացեալները մտաբերելու բոլոր այն քրիստոնեաները, որոնք մահուան սպառնալիքի տակ կը գտնուին ու բռնութեամբ արտահանուած են իսլամ պետութեան կողմէ։
Զօրակցութեան Օրը ունի որպէս կէտ նպատակ աղօթել հալածուած քրիստոնեաներուն ու դրամ հաւաքել օգնութեան հասնելու անոնց կարիքներուն, մասնաւորապէս Իրաքի քրիստոնեայ գաղթականներուն։
Կոչին մէջ կը կարդանք. Իրաքի բոլոր քրիստոնեաները կը կարօտին մեր աղօթքին ու շտապ օգնութեան։ Կոտորած մեր եղբայրներն ու քոյրերը բռնութեամբ պարտաւորուեցան հեռանալ իրենց հողերէն, օճախներէն ու կորսնցնել իրենց ինչքերը` հաւատարիմ մնալու համար Յիսուս Քրիստոսին։
Այս առթիւ Մելպուրնի առաջնորդը յայտնեց` ''անսացինք աղաղակը Արեւելքի մեր եղբայր եպիսկոպոսներուն ու մեր այս կոչով կը միանանք անոնց ու կը բաժնենք անոնց մտահոգութիւնները յաչս այն հասարակութիւններուն որոնք առաքեալներու շրջանէն հոն հաստատուած են''։
Նշենք որ Աւստրալիայի մէջ բնակութիւն հաստատած են 150 հազար մարոնիներ, որնցմէ շատերը Լիբանանէն եկած են, 50 հազար յոյն կաթողիկէներ, ու փոքրաթիւ հայ համայնք մը, ինչպէս նաեւ նոր հաստատուած 31 հազար իրաքցիներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.