2014-12-07 11:06:33

Անարատ Յղութեան Տօնին Առթիւ՝ Ֆրանչիսկոս Պապը կ՛այցելէ Հռոմի ''Բիացցա տի Սպանիա'' հրապարակը։


(Ռ.Վ 7 դեկտեմբեր 2014) Երկուշաբթի` 8 դեկտեմբեր 2014, Տօն Անարատ Յղութեան ըստ լատինաց։ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, ըստ աւանդութեան, յետմիջօրէի՝ ժամը 15.45-ին կը մեկնի Վատիկանէն եւ ինքնաշարժով կ՛ուղղուի նախ դէպի Հռոմի Սանթա Մարիա Մաճճորէ Պազիլիքա ու աղօթք կը մատուցէ ''Salus Populi Romani – Հռոմի ժողովուրդի փրկութիւն'' Աստուածամօր սրբապատկերին առջեւ ու ապա կը փոխադրուի Հռոմի նշանաւոր հրապարակներէն ''Բիացցա տի Սպանիա'' կոչուած հրապարակը, ուր կը գտնուի ''Անարատ Յղացեալ՝ Ս. Կոյս Մարիամ Աստուածածնայ՝՝ բարձր արձանը անոր ոտքին զետեղելով ծաղկեփունջ մը եւ պատգամ մը կը փոխանցէ ներկաներուն։

Նշենք որ Անարատ Յղութեան տօնին առթիւ աւանդութիւն է որ՝ Հռոմ քաղաքը, Քահանայապետին հետ միասին, մեծ շուքով ու հանդիսաւոր կերպով մեծարեն Անարատ Յղութեան Ս. Կոյս Մարիամ Աստուածածնայ արձանը, բարձրացած` Յաւիտենական քաղաքի կեդրոնական այս հրապարակին վրայ։

Արդարեւ Հռոմի հրշէջները, 8 դեկտեմբերի առաւօտեան կանուխ, իրենց կարգին կը մեծարեն Անարատ Յղացեալը որպէս իրենց պաշտպան Սրբուհին։ Հրշէջներէն մին կը բարձրանայ դէպի արձանը եւ Աստուածածնայ բազուկին վրայ կը զետեղէ ծաղկեպսակ մը, արժանանալով ներկայ հաւատացեալներուն եւ հետաքրքիրներու ծափողջոյներուն։
Անարատ Յղութեան Ս. Կոյս Մարիամ Աստուածածնայ արձանը կառուցուած է ի յիշատակ Մարիամի Անարատ Յղութեան վարդապետութեան հռչակումին, 8 դեկտեմբեր 1854-ին, երանելի Պիոս Թ. Քահանայապետին կողմէ։ Ս. Կոյս Մարիամի պրոնզէ այս արձանը, զետեղուած է շուրջ 30 մեթր բարձրութեամբ մարմարէ սիւնի մը վրայ։ Երանելի Պիոս Թ. անձամբ գլխաւորած է արձանին բացման արարողութիւնը, 8 դեկտեմբեր 1857ին, շրջապատուած 200 հրշէջներով։ Այդ թուականէն ասդին, ամէն տարի, մեծ հանդիսութեամբ ու շուքով, կը կատարուի Անարատ Յղութեան Ս. Կոյս Մարիամ Աստուածածնայ տօնը։ Արարողութեան կը մասնակցին մայրաքաղաքին քաղաքական թէ եկեղեցական ներկայացուցիչները։ Հռոմաբնակ հաւատացեալներուն համար 8 դեկտեմբերը յատուկ թուական է։ Արշալոյսէն` արդէն կը սկսի հաւատացեալներու հոսքը դէպի Սպանիա հրապարակ, այնտեղ ծաղիկ կամ ծաղկեփունջ զետեղելու ու նաեւ հայցելու՝ Ս. Կոյս Մարիամի բարեխօսութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.