2014-12-06 10:57:24

Ս. Պետրոսի հրապարակի վրայ տեղադրուեցաւ Իտալիոյ Քալապրիա մարզէն եկած տօնածառը։


(Ռ.Վ. 6 դեկտեմբեր 2014) Հինգշաբթի 4 դեկտեմբերի առաւօտեան, ս. Պետրոս հրապարակ ժամանեց` ս ծննդեան տօնին առթիւ հրապարակը զարդարող ամանորի տօնածառը, նուէրը Իտալիոյ Քալապրիա մարզին։
25 մեթր բարձրութեամբ ծառը տեղադրուեցաւ ս. Պետրոսի հրապարակի կեդրոնը, որուն մօտ կը կառուցի նաեւ աւանդական մսուրը։
Ս. Պետրոսի հրապարակը լուսաւորող տօնածառը կը խորհրդանշէ յոյսի նշոյլ, հաւատքի լոյսը, որ Յիսուս իր մարդեղութեամբ աշխարհին պարգեւեց։
Տօնածառը կը խորհրդանշէ Բեթղեհէմ երեւցող աստղը որ կը լուսաւորէ համայն աշխարհը։
Մոգերը աստղը տեսնելով ուղղուեցան դէպի Բեթղեհէմ երկրպագելու երկրագունդի նոր Արքային։ Քալապրիան, որ կը նկատուի Իտալիոյ ամենէն աղքատ մարզերէն մէկը, իր այս վեհանձն նախաձեռնութեամբ կը յուսայ նոր վերածնունդ մը, լի զօրակցութեամբ ու սիրով հանդէպ բոլորին։ Մարզպետը տօնածառը յանձնելով յայտնեց որ յառաջիկայ 19 դեկտեմբերին, տօնածառի օրհնութեան առթիւ, ֆրանչիսկոս Քահանայապետին պիտի հանդիպի մարզի այլ ներկայացուցիչներուն հետ եւ այդ առթիւ Սրբազան Հօր պիտի ներկայացնեն տեղական հողային արդիւնաբերութիւնները եւ արուեստական արտադրութիւնները, ինչպէս նաեւ ծրագիրը աղքատներուն ապահովելու ծննդեան ընթրիքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.