2014-12-06 10:32:17

Կարդինալ Սանտրիի այցելութիւնը Եթովպիա։


(Ռ.Վ. 6 դեկտեմբեր 2014) Արեւելեան եկեղեցիներու ժողովի կառավարիչը` կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրին, 5 Դեկտեմբերին հասաւ Եթովպիայի մայրաքաղաք` Ատիս Ապեպա, մասնակցելու Եթովպիայի ու Էրիդերիայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի ստեղծումին (մայիս 1964) 50-րդ տարեդարձի յոբելենական տօնախմբութիւններուն։
Շաբաթ 6 Դեկտեմբերին կարդինալը հանդիսաւոր պատարագ մատույց ներկայութեամբ խուռներամ հաւատացեալներու ու կղերական դասին։
Յետմիջօրէին Ան կ՛ ուղղուի Էմտիպիր թեմը, այցելելու ս. Ղուկասի նուիրուած հիւանդանոցը` սեփականութիւնը կաթողիկէ եկեղեցւոյ եւ անոր յարակից հիւանդապահներու դպրոցը։ Կարդինալ Սանտրի հանդիպում պիտի ունենայ Ս. Միքայէլի նուիրուած ժողովրդապետութեան հաւատացեալներուն հետ։։
Կիրակի 7 Դեկտեմբերին, Արեւելեան եկեղեցիներու ժողովի կառավարիչը` Ս. Զոհը պիտի մատուցանէ Էմտիպիր թեմին մէջ անոր ստեղծման 10-րդ տարեդարձին առթիւ։
Երկուշաբթի 8 Դեկտեմբերին կարդինալը սաւառնակով կ'ուղղուի Մեքէլ, ուր հանդիպում կ'ունենայ եղբայրօգնութեան կրօնաւորուհիներուն հետ, ապա կը շարունակէ իր ուղեւորութիւնը դէպի Ատիկրատ թեմ` աղօթքի պահ մը ապրելու տեղական համայնքին հետ։։ Հուսկ կ՛ այցելէ սուրբ Ճուսթինօ տէ Ժաքոպիս սրբավայրը։ Յայտնենք որ Սուրբ Ճուսթինօ տէ Ժաքոպիսը տեղական առաջնորդարանէն ճանչցուած է որպէս վարդապետը Եթովպիայի եկեղեցւոյ։ Երանելի Պօղոս Զ. զայն սուրբ հռչակած է 1975-ին։
Դեկտեմբեր 9-10, կարդինալը կ՛այցելէ Պահիր Տահր առաքելավայրը ուր հանդիսաւոր պատարագ կը մատուցէ։ Իսկ 11 Դեկտեմբերին ան հանդիպում պիտի ունենայ հանրապետութեան նախագահին հետ ու Եթովպիայի օրթոտոքս պատրիարք Ապունա Մաթիասին հետ։
Իր այս այցելութեան ընթացքին Արեւելեան Եկեղեցիներու ժողովի կառավարիչը իր ամէն մէկ հանդիպումին պիտի հաղորդէ ֆրանչիսկոս Քահանայապետին սիրալիր ողջոյնը եւ առաքելական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.