2014-12-06 10:35:47

Դ. կիրակի Յիսնակաց Ղուկ. 12, 12-24


RealAudioMP3 «Անմիտ մարդ, այս գիշեր իսկ հոգիդ քեզմէ պիտի առնեն, իսկ պատրաստածդ որո՞ւ պիտի մնայ»:
Անմիտ հարուստին առակին միջոցաւ Տէրը մեզ կը նախազգուշացնէ ընչաքաղցութեան ախտէն: Ագահութենէն է որ կը զգուշացնէ մեզ. «Զգուշացէ՛ք ագահութեան բոլոր տեսակներէն, որովհետեւ մարդու կեանքը կախեալ չէ իր ամբարած հարստութենէն» (Մատ. 12,5): Պօղոս Առաքեալ կողոսացիներուն նամակին մէջ կը հաստատէ թէ ագահութիւնը «կռապաշտութիւն» է (Կղ. 3,5):
Առակին մէջ, արձանագրուած «առատ բերք» բառերը ցոյց կու տան որ երիտասարդը ունէր իրեն անհրաժեշտ բերքը, եւ սակայն ան կը ցանկար աւելին, աւելիին տիրանալ: Ուստի սխալ չէ հարստութիւն ունենալը, բայց սխալ է չգոհանալ ունեցածով: Ինչ որ ուշագրաւ է նաեւ թէ առատ հարստութիւնը չկրցաւ փառատել մտահոգութիւնը երիտասարդին, այլ աւելի մտահոգեց զինք. «ի՞նչ ընեմ» կը մտածէր, եւ կը հարցնէր ինքնիրեն: Արդարեւ, մարդիկ որքան հարստանան, այնքան աւելի մտահոգ կը դառնան: Ուստի թող ոչ ոք կարծէ որ եթէ հարստութեան տէր դառնայ` իր բոլոր մտահոգութիւնները պիտի փառատին: Իր բոլոր շտեմարանները լեցուած էին բայց տակաւին գոհ չէր. աւելին կ՛ուզէր: Որքա՛ն մարդիկ կան այսօր, որոնք գոհ չեն իրենց ունեցածով եւ որոնք աւելիին կը ցգտին: Մէկը գոհ չ՛ըլլալով իր դիրքէն` աւելի բարձր դիրքերու կը ցանկայ հասնիլ: Ուրիշ մը որ չի բաւարարուիր իր ունեցած իրաւասութիւններով կը փորձէ ուրիշներուն իրաւասութիւնները եւս խլել: Երրորդ մը որ իշխանութեան գլուխ կը գտնուի` կ՛աշխատի ճզմել այլ գլուխները, որպէսզի ինք երեւի ու մնայ միակ գլուխը:
Աւելի ընդարձակելով շտեմարանները, հարուստ երիտասարդը կը կարծէր թէ մտահոգութիւններուն լուծում բերած պիտի ըլլար: Լուծումը սակայն ընդարձակ շտեմարաններ ունենալուն մէջ չէր կայանար, այլ Աստուծոյ վստահող, փառք տուող սիրտ ունենալուն մէջ: Գիտակցելու է ամէն մարդ թէ որքան ընդարձակէ իր շտեմարանները այնքան աւելի մեծ կ՛ըլլայ իր հոգն ու նեղութիւնը. վախն ու մտահոգութիւնը զինք կը կլանեն:
Հարուստ երիտասարդին մեղքը կը կայանայ իր անմտութեան մէջ: «Անմիտ» էր, որովհետեւ «ցորենը» եւ «բերքերը», զանոնք կը դաւանէր իբրեւ իրը, ի՛ր սեփականութիւնը: Ան խոնարհութիւնը պէտք էր ունենալ զանոնք նկատելու Աստուծոյ պարգեւը իրեն տրուած:
Իսկ իր գլխաւոր մեղքը այն էր, եւ որուն մասին ակնարկած է Քրիստոս, թէ որոշած էր երկար տարիներ ապրիլ, եւ մոռցած էր թէ Տէրը ինքն էր մեռցնողը եւ կենդանացնողը, գերեզման իջեցնողը եւ վեր հանողը, ինչպէս կ՛ըսէ Ա.Թագաւորութեանց գիրքը:
«Հանգիստ ըրէ, կե՛ր, խմէ՛ եւ վայելէ՛»: Այս բառերը կը պարզեն որ հարուստ երիտասարդը կ՛ապրէր լոկ երկրաւոր կեանքին համար: Ան կորսնցուցած էր կեանքին իսկական նպատակը, որ ուտելն ու խմելը չէ, ո՛չ ալ աշխարհը վայելելը: Ճշմարիտ նպատակը կեանքին Աստուծոյ հետ ըլլալն է, իր սիրոյն մէջ աճիլն է: Կեանքին իսկական նպատակն է, ինչպէս կ՛ըսէ մեզի Յիսուս առակին մէջ. «Աստուծոյ աչքին հարստանալ», որ կը նշանակէ հարստանալ առաքինութիւններով, բարի կամքով, հարստանալ եղբայրսիրութեամբ եւ ծառայասիրութեամբ: Ամէն:







All the contents on this site are copyrighted ©.