2014-12-06 13:51:39

Գահիրէի մէջ գումարուած գիտաժողովին իսլամական իշխանութիւնները դատապարտեցին ահաբեկչութիւնը։


(Ռ.Վ. 6 դեկտեմբեր 2014) Հինգշաբթի, 4 դեկտեմբերին յետմիջօրէին՝ երկօրեայ բանակցութիւններէ ետք վերջ գտաւ Գահիրէի մէջ գումարուած ''իսլամութիւնը եւ ահաբեկչութիւնը'' խորագիրը կրող գիտաժողովը , որ տեղի ունեցաւ Ալ Ազհար համալսարանին մէջ մասնակցութեամբ 120 երկիրներէ ժամանած Մահմետական շարժումներու պատասխանատուներուն եւ այլ կրօններու ներկայացուցիչներուն։
Յաւարտ ժողովին, հրատարակուեցաւ 10 կէտերէ բաղկացած պաշտօնական յայտարարութիւն մը, որուն մէջ կ’ընդգծուի, թէ ահաբեկչութեան դէմ մղուած պայքարը բոլորին պատասխանատուութիւնն է, խստիւ դատապարտելով քրիստոնեաներու դէմ գործուած հալածանքները։
Յայտարարութեան մէջ կոչ ուղղուած է Իսլամ աշխարհի գերագոյն պետերուն՝ որպէսզի յանձնառումով գործեն ծայրայեղական մահմետականներուն դէմ, որոնք յեղաշրջած են իսլամական կրօնքը, ահաբեկիչներու կողմէ գործուած ոճիրները որակելով մարդկութեան դէմ ոճիր։
Ժողովին կեդրոնական նիւթը հանդիսացած է մահմետականներու եւ Քրիստոնեաներու միջեւ եղբայրական կապերը, Քրիստոնեաներու արտագաղթը Միջին Արեւելքէն արդիւնքն է ահաբեկիչներու բռնութիններուն, այսուհետեւ անհրաժեշտ է օգնութեան հասնիլ քրիստոնեայ հաւատացեալներուն։
Ալ Ազհարի վաւերաթուղթի մէջ կը խօսուի նաեւ երիտասարդներու ուղեղի լուացումին եւ անհրաժեշտութաեն՝ Իսլամ կրօնի մասնագէտներու պատշաճ կազմաւորումին, պատասխան տալու համար երիտասարդներուն կողմէ ուղղուած հարցումներուն։
Այս առընչութեամբ Մելքիթներու Պատրիարք գերերջանիկ Կրեկուար Գ մեկնաբանելով Գահիրէի միջազգային գիտաժողովի հրատարակած պաշտօնական յայտարարութիւնը ըսաւ, թէ Ալ Ազհար համալսարանի գիտաժողովը կը ներկայացնէ հիմնական դէպք մը , այն է՝ որ մինչեւ այսօր, իսլամ պատասխանատու մը երբեք հրապարակաւ չէ արտայայտուած ծայրայեղ ու ահաբեկիչ մահմետական գործողութիւններու դէմ’’, Ան ապա աւելցուց թէ գիտաժողովին նպատակն է , ընդգծել իսլամական ահաբեկիչներու կողմէ կրօնքի շահագործումը եւ Քուրանի պատգամի յեղաշրջումը՝ իշխանութեան ձգտելու նպատակով ։
Պատրիարքը ընդգծեց նաեւ համաժողովի ընթացքին ժողովականներու միջեւ տեղի ունեցած բանակցութիւնները՝ քրիստոնեաներու պաշտպանութեան ի խնդիր եւ անհրաժեշտութիւնը դիմադրելու գաղափարախօսութեան մը որ մի միայն չարիք կը պատճառէ քրիստոնեայ եւ մահմետական հաւատացեալներուն։
Պատրիարքը ապա մաղթանք յայտնեց, Իսլամ եւ Քրիստոնեայ կրօնապետերու միջեւ որդեգրելու ռազմավարութիւն մը, պարբերական ժողովներու գումարումի միջոցաւ։







All the contents on this site are copyrighted ©.