2014-12-04 13:33:47

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի 4 դեկտեմբերի քարոզը՝ ''Մեր տուները կառուցենք ժայռի վրայ''


(Ռ.Վ. 4 դեկտեմբեր 2014) ''Կան բազմաթիւ մարդիկ՝ հայրեր, մայրեր հիւանդներ, վարդապետներ որոնք ծածուկ ապրելակերպով՝ կը գործադրեն Յիսուսի Սէրը, ասոնք են որ մեզի յոյս կը ներշնչեն'', այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին, հինգշաբթի, 4 դեկտեմբեր 2014-ին, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին կեդրոնական նիւթը։
Ֆրանչիսկոս Պապը մեկնաբանելով օրուայ Սուրբ գրային ընթերցումը ուր կը խօսուի ժայռի կամ աւազի վրայ կառուցուած տունի մասին, յայտնեց՝ թէ ճշմարիտ քրիստոնեան ան է, որ կը գործադրէ Աստուծոյ խօսքերը եւ չբաւարարուիր միայն ըսելով, թէ հաւատք ունիմ։
Նորին Սրբութիւն Քարոզին մէջ հրաւիրեց չըլլալ միայն ''պատկանելիութեան քրիստոնեաներ'', այսինքն՝ պատկանիլ կաթողիկէ ընտանիքին, հաստատութեան մը, որ փոքրիկ դժուարութիւններուն եւ փորձութիւններուն դիմաց կը կործանուին, որովհետեւ անոնք աւազի վրայ կառուցած են իրենց տուները։ Այլ՝ ըլլալ քրիստոնեաներ` նման այն անձերուն որոնք սրբակեաց կեանք կ՛ապրին գործադրելով եւ ապրելով Յիսուսի Սէրը։ Ասոնք՝ իրենց տուները կառուցած են ժայռի վրայ։
Նորին Սրբութիւնը մատնանշելով ապա Յիսուսի Սուրբ Ծննդեան տօնի նախապատրաստական շրջանին, հրաւիրեց ներկաները խնդրել Տիրոջմէն, որ ''մեր տուները հիմնուած ըլլան ժայռի վրայ այսինքն Յիսուսին վրայ` որ է մեր Յոյսը''։ Մենք մեղաւորներ ենք՝ տկարներ, բայց եթէ մեր յոյսը Յիսուսի վրայ դրած ըլլանք, պիտի գտնենք ներողամտութիւն, ուրախութիւն եւ խաղաղութիւն շեշտեց Սրբազան Հայրը յանձնարարելով` ''Երբեք չզտեղել մեր յոյսերը այն իրողութիւններուն վրայ, որոնք այսօր կան եւ վաղը չկան”:







All the contents on this site are copyrighted ©.