2014-12-04 09:01:23

Մարոնի Եպիսկոպոսներու Խորհուրդը դատապարտեց աահմանադրութեան դէմ գործուած օրինազանցութիւնը։


Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը, չորեքշաբթի 3 դեկտեմբերին, Պքերքէի մէջ նախագահեց Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի նիստին, որուն ընթացքին եպիսկոպոսներու խորհուրդը դատապարտեց ի խնդիր քաղաքական շահերու սահմանադրութեան դէմ գործուած օրինազանցութիւնը` նկատել տալով, որ այդ արարքը կը հակադրուի Լիբանանի ժողովրդավարական պատմութեան եւ երկրին Ազգային ուխտին:
Մարոնի եպիսկոպոսները զարմանք յայտնեցին խորհրդարանին կողմէ ինքն իր պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու կարողութեան համար` աւելցնելով, որ անիկա կը հակադրուի երկրին սահմանադրութեան եւ ժողովրդավարական վարչակարգին:
Անոնք խոր կսկիծով անդրադարձան Ռաս Պաալպեքի մէջ ահաբեկչութեան գործած դաւադրութեան պատճառով բանակայիններուն նահատակութեան եւ խստիւ դատապարտեցին յարձակող կողմերը:
Խորհուրդը ցաւակցութիւն յայտնեց նահատակ բանակայիններուն ընտանիքներուն` ողջունելով լիբանանեան բանակը եւ գնահատելով Լիբանանի համար անոնց մատուցած զոհողութիւնները` երկիրն ու քաղաքացիները պաշտպանելու իրենց պատասխանատուութիւնը ստանձնելու եւ ահաբեկչութեան դէմ պատերազմելու առումով:
Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը կոչ ուղղեց բոլոր լիբանանցիներուն` նեցուկ կանգնելու բանակին, ինչպէս նաեւ պետութենէն խնդրեց բանակին զէնք ու զինամթերք ապահովել, որպէսզի ան կարենայ լաւագոյնս ծառայել իր ուխտին եւ հսկել երկրին ապահովութեան, ինչպէս նաեւ լիբանանեան ազգային միասնականութեան ամրապնդումին:
Խորհուրդը կառավարութենէն խնդրեց առեւանգուած բանակայիններուն ազատ արձակման համար յաւելեալ ճիգեր ի գործ դնելու: Այս առումով, մարոնի եպիսկոպոսները զօրակցութիւն յայտնեցին առեւանգուած բանակայիններու ընտանիքներուն եւ անոնց համբերութիւն եւ ինքնազսպում մաղթեց:
Ս. Ծննդեան տօնին առիթով Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը մաղթեց, որ Լիբանանի եւ Միջին Արեւելքի մէջ ապահովութիւն եւ խաղաղութիւն տիրէ, իսկ ահաբեկչութիւնը տապալի:








All the contents on this site are copyrighted ©.