Ալ Ազհարի Իմամը ''Ոչ յանուն կրօնի գործադրուած ոճիրներուն''։
(Ռ.Վ. 4 դեկտեմբեր 2014) Եգիպտոսի Ալ Ազհար համալսարանի մէջ տեղի ունեցող
''Իսլամութիւն եւ ահաբեկչութիւն'' խորագիրով, ուսումնաժողովին ընթացքին Ալ Ազհարի Իմամը
խստիւ դատապարտեց, յանուն կրօնի գործուած բռնութիւնները` արմատականութիւնը որակելով ''Իսլամութեան
այլասերում'' մինչ ժիհատիստներու արարքները նկատեց ''բարբարոսական ոճիր''։ Ուսումնաժողովին
ներկայ էր նաեւ Ղպտի Օրթոտոքս Եկեղեցւոյ Պատրիարք` Թաուատրոս Բ որ ընդգծեց Քորանի եւ
բռնութեան միջեւ անհամատեղելիութիւնը մատնանշելով իսլամութեան հանդուրժողականութեան կոչումին։
Հանդիպման կէտնպատակն է հերքել ծայրայեղականներուն դիրքերը եւ հրատարակել վաւերաթուղթ
մը որ ուղեգիծ հանդիսանայ ապագայի Իմամներու կազմաւորումին։