2014-12-03 11:07:37

Նախագահ Սահակեան Հռոմի մէջ տեսակցած է մարդու իրաւունքներու պաշտպանին հետ


ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Աշխատանքային այցելութեամբ Հռոմ գտնուող Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 1 Դեկտեմբերին Իտալիոյ խորհրդարանին մէջ հանդիպում ունեցած է Մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան մնայուն յանձնաժողովի նախագահ Լուիճի Մանքոնիի հետ: Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Արցախ-Իտալիա յարաբերութիւններուն վերաբերող հարցեր: Յատուկ ուշադրութիւն դարձուած է մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան ոլորտին մէջ փոխգործակցութեան:
Նախագահ Սահակեան կարեւոր նկատած է այս ոլորտին մէջ Եւրոպայի հետ սերտ համագործակցութիւնը՝ այս պարունակին մէջ յատուկ կերպով ընդգծելով Իտալիոյ դերակատարութիւնը:
Հանդիպման մասնակցած են Իտալիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Սարգիս Ղազարեան եւ պաշտօնատար այլ անձեր







All the contents on this site are copyrighted ©.