2014-12-03 08:55:59

Կրօնապետերու միացեալ Յայտարարութիւնը արդի ստրկութեան դէմ։


(Ռ.Վ. 3 դեկտեմբեր 2014) Քրիստոնեաներ, հրեաներ, մահմետականներ, ինտուներ, պուտտայականներ, ամէնքը միասին, արդի ստրկութեան բոլոր երեւոյթներուն դէմ։

ֆրանչիսկոս Քահանայապետը այլ կրօնապետերու հետ միասին ստորագրեց վաւերաթուղթ մը ստրկութեան դէմ։
Միացեալ յայտարարութեան մէջ կրօնապետերը յանձն կ’առնեն պայքարիլ մարդկային էակներու վաճառքին դէմ։

Յայտարարութեան մէջ հետեւեալը գրուած է. Մենք ստորագրողներս հոս (Վատիկան) համախմբուած ենք պատմական նախաձեռնութեան մը համար, մտադիր հոգեւոր ու կիրառական ներգործութիւններ ձեռք բերելու աշխարհի բոլոր կրօներու ու բարի կամք ունեցող մարդոց կողմէ ցմիշտ ջնջելու համար արդի ստրկութիւնը, ունենալով որպէս ժամկէտ 2020 թուականը։

Աստուծոյ համար, ամէն մարդկային էակ` տղայ թէ աղջիկ, կին թէ այրի, ազատ անձ մըն է, սահմանուած ապրելու իւրաքանչիւրին բարիքին համար հաւասարութեամբ ու եղբայրակցութեամբ։ Արդի ստրկութեան զանազան երեւոյթները, ինչպէս` մարմնավաճառութիւնը, պարտադիր աշխատանքը, մարմնի որեւէ գործարանի վաճառքը հակառակ է ամէն էակի հաւասարութեան, ազատութեան ու հաւասար արժանաւորութեան հիմնական ըմբռնումին, նման արարք մը պէտք է նկատել որպէս մարդկութեան դէմ ոճիր մը։ Հոս (Վատիկան) այսօր կը ստանձնենք հասարակաց յանձնառումը ամէն կարելին ընելու, մեր համայնքներէն ներս եւ դուրս, ետ տալու ազատութիւնը անոր որ զոհ է ստրկութեան ու մարդկային էակին վաճառքին, անոր վերադարձնելով յոյսը լաւագոյն կեանքի մը, ապագայի մը։ Այսօր ունինք կարելիութիւնը, գիտակցութիւնը, իմաստութիւնը ու արդի բոլոր միջոցները հասնելու մարդկային ու բարոյական այդ կէտ նպատակին։







All the contents on this site are copyrighted ©.