2014-12-03 09:08:06

Իրաքի մէջ քրիստոնեայ կարգ մը եկեղեցիները կը գործածուին որպէս բանտ խալիֆայութեան կողմէ։


(Ռ.Վ. 3 դեկտեմբեր 2014) Մոսուլի բռնագրաւած եկեղեցիները իսլամ պետութենէն ներկայիս կը գործածուին որպէս բանտ։ Ծայրայեղ մահմետականները 9 Յունիսէն ի վեր տէր դարձած են Մոսուլ քաղաքին։ Տեղական աղբիւրներու համաձայն քաղդէացիներու Անարատ Յղութեան եկեղեցին այր մարդոց բանտը եղած է։ Մինչ Քաղդէացիներու ս. Գէւորգ վանքը դարձած է կիներու բանտ։ Անցեալ 24 Նոյեմբերին Իսլամ պետութեան ռազմիկները ռմբակոծած են Քաղդէացի կրօնաւորուհիներու Սիրտ Յիսուսի վանքը, որ նախապէս եղած է կեդրոնը իրենց կառավարութեան։ Քրիստոնեաները կը վախնան որ կառավարական ոյժերը իրենց կարգին ռմբակոծեն քրիստոնեաներու պատմական վանքերն ու եկեղեցիները քանի անոնք դարձած են իսլամ ժիհատիստներու զօրանոցները։ Բնականաբար պատմական եկեղեցիներու վանքերու կործանումը մեծ կորուստ մըն է քրիստոնեայ մշակութային ու հոգեւոր ժառանգութեան համար։







All the contents on this site are copyrighted ©.