2014-12-02 08:57:38

ֆԱՕ-ի աւելի քան 13 երկիրները կարողացած են սովը արմատախիլ ընել։


(Ռ.Վ. 2 դեկտեմբեր 2014) ֆԱՕ-ի կազմակերպութիւնը ճանչցած ու գնահատած 13 երկիրներ` անոնց կատարած յառաջդիմութեան պայքար մղելով սովին դէմ։
Այս ուղղութեամբ, Պրազիլը, Քամերուն, Եթովպիա,, Քապոնը, Կամպիան, Իրանը, Քիրապաթին, Մալեզիան, Մաուրիթանիան, Մեքսիքան, Ֆիլիպեան կղզեխումբը եւ Ուրուկուայը, մեծ յառաջդիմութիւններ կատարած են պայքար մղելով անօթութեան դէմ։
ՖԱՕը կը յուսայ մինչեւ 2015, կարողանայ կիսել աշխարհի մէջ անօթիներու թիւը ։
Յայտնենք թէ Հռոմի կեդրոնին մէջ ֆԱՕ-ի ընդհանուր տնօրէնը` José Graziano da Silva, ճանաչումի վկայագիր բաշխեց վերոյիշեալ 13 երկիրներու կառավարութիւններուն։ ''Դուք հակառակ համաշխարհային տնտեսական տագնապին կարողացաք շահիլ մեծ գրաւը։ Դուք ցոյց տուիք մեծ կամք մը ու ամէն միջոցի դիմեցիք յաղթահարելու սովը, ըսաւ Կրացիանօ Տա Սիլվան խօսքը ուղղելով վերոյիշեալ պետութիւններու կառավարութիւններուն։
Երկրագունդին մէջ հետզհետէ սովը նահանջ կ՛արձանագրէ, սակայն տակաւին աշխարհի մէջ 805 միլիոն անհատներ սովէն կը տառապին, այսուհետեւ պետութիւնները հրաւիրուած են արագեցնելու սովը արմատախիլ ընելու ընթացքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.