2014-12-02 13:13:00

Այնճարի Մէջ. Մեծարանքի Երեկոյ Հայ Կաթողիկէ Քոյրեր Լորենցիա Գապաքեանի Եւ Թէոպիստէ -Մարի Պետրոսեանի


Կիրակի, 30 նոյեմբեր 2014-ի կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին, Այնճարի «Ս. Զէյթլեան» ժողովրդային Տան «Մովսէս Տէր Գալուստեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ քոյր Լորենցիա Գապաքեանի եւ քոյր Թէոպիստէ-Մարի Պետրոսեանի մեծարանքի երեկոյ` իրենց երկարամեայ ծառայութեան առիթով:
Լիբանանեան եւ հայաստանեան քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, յանուն ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական-քարոզչական յանձնախումբին, ձեռնարկին բացումը կատարեց Եսայի Հաւաթեան: Ան անդրադարձաւ քոյրերուն երկարամեայ ծառայութեան կրթական, եկեղեցական եւ ազգային ծիրին մէջ:
Ան յայտնեց, որ քոյրերը իրենց կեանքը նուիրած են հայ եկեղեցւոյ եւ հայ ժողովուրդին` ճիգ չխնայելով նոր սերունդի դաստիարակութեան համար: Ան յայտնեց, որ ՀՅԴ-ն հայ ժողովուրդին, ծառայող կուսակցութիւնն է եւ երբեք զարմանալի չէ, որ ան կ՛ուզէ մեծարել ազգին եւ եկեղեցիին ծառայած հայ քոյրերը:
Բացման խօսքէն ետք Վահան Թէքէեանի «Հաշուեյարդար» ասմունքով հանդէս եկաւ Արփա Սնապեան-Անտոնեան:
Այնուհետեւ Լալիկ Խօշեան եւ Անժել Քէշիշեան ներկայացուցին քոյրերուն երկարամեայ կեանքին տարբեր հանգրուանները` անդրադառնալով անոնց ծառայութիւններուն` մասնաւորապէս հայ եկեղեցական եւ ազգային կեանքին մէջ:
Ապա Լալէ Անտոնեան սրինգի վրայ ներկայացուց Պախէն կտոր մը:
Օրուան պատգամախօս, Այնճարի հայ կաթողիկէ համայնքի ժողովրդապետ հայր Մեսրոպ վրդ. Թոփալեան ըսաւ, թէ ինք երկու քոյրերուն խոնարհութեան արարքը կը սահմանէ չորս բառերով` աղօթք, նուիրում, աշխատանք եւ հաւատարմութիւն, իմացութիւններ, որոնք քոյրերը սորվեցան եւ իւրացուցին իրենց հայանուէր միաբանութեան մէջ` զանոնք բծախնդրօրէն ապրելու եւ անձնուիրաբար կիրարկելու իրենց կեանքով ու գործունէութեամբ հայ ազգին փոքր ածուին մէջ, այս փառապանծ ժողովուրդին աշխարհասփիւռ զաւակներուն համար:
Ան անդրադարձ կատարեց Հայ կաթողիկէ քոյրերու միաբանութեան կատարած ազգանուէր գործին` բարձր գնահատելով երկու մուսալեռցի քոյրերուն ունեցած ներդրումը եկեղեցական եւ կրթական կեանքին մէջ յաջորդաբար 60 եւ 70 տարիներու ընթացքին: Անոնք ամբողջութեամբ նուիրուած են հայ եկեղեցւոյ եւ մատղաշ սերունդի կրթութեան աստուածահաճոյ գործին: Վարդապետը շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական յանձնախումբին մեծարանքի այս ձեռնարկը կազմակերպելու համար:
Ան Շնորհաւորելով մեծարեալ քոյրերը, ան մաղթեց իրենց արեւշատութիւն եւ յարատեւութիւն:
Օրուան պատգամէն ետք Լալէ Անտոնեան սրինգով ներկայացուց Արամ Խաչատուրեանէն կտոր մը:
Հայր Ալիշան Աբարդեան ընթերցեց քոյրերու մեծարանքի ձեռնարկին առիթով հայ կաթողիկէ համայնքի Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքին կողմէ ուղարկուած կոնդակները, որոնք բարձր կը գնահատէին քոյրերուն երկարամեայ ծառայութիւնը:
Այնճարի ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէին անունով Լալիկ Խօշեան եւ Ռիթա Լագիսեան քոյրերը պատուեցին Մուսա լերան յուշարձանի պատուոյ շքանշանով:
Ձեռնարկի աւարտին քոյր Թէոպիստէ-Մարի Պետրոսեան շնորհակալական խօսք ուղղեց այն բոլոր անձերուն եւ միութիւններուն, որոնք աշխատանք տարած էին կազմակերպելու սոյն ձեռնարկը եւ նաեւ բոլոր անոնց, որոնք ներկայ կը գտնուէին մեծարանքի երեկոյին: Ան յիշելով իր կոչումը եւ ծառայութեան տարիները` ըսաւ, թէ ինք շատ ուրախ կը զգայ ծառայած ըլլալուն համար Աստուծոյ, ազգին եւ հայրենիքին:
Ձեռնարկի աւարտին տեղի ունեցաւ կարկանդակի հատում, որմէ ետք բոլոր ներկաները հրաւիրուեցան հիւրասիրութեան` կազմակերպութեամբ Այնճարի Հայ կաթողիկէ տիկնանց միութեան:








All the contents on this site are copyrighted ©.