2014-12-02 09:03:46

ԱՄՆ-ն խորապէս մտահոգուած է Ատրպէյճանի մէջ մարդու իրաւունքներու վիճակով


Միացեալ Նահանգները խորապէս մտահոգուած է Ատրպէյճանի մէջ քաղաքացիական հասարակութեան գործունէութեան նկատմամբ վերջերս ձեռնարկուող սահմանափակումներու առնչութեամբ: Այդ մասին՝ ըստ Tert.am-ի՝ յայտարարած է ԱՄՆ ԱԳՆ մամլոյ խօսնակ Ճեն Փսակին լրագրողներու հետ հերթական ճեպազրոյցի ընթացքին:
“Մենք աւելի ու աւելի կը մտահոգուինք, որ Ատրպէյճանի կառավարութիւնը չի հետեւիր մարդու իրաւունքներու վերաբերեալ իր միջազգային յանձնառութիւններուն եւ պարտաւորութիւններուն: Մենք կոչ կ՛ընենք կառավարութեան յարգելու իր քաղաքացիներուն իրաւունքները եւ թոյլ տալ անոնց արտայայտել իրենց տեսակէտները”,- ճեպազրոյցի ժամանակ յայտարարած է Փսակին:
Ան նշած է, որ Ատչպէյճանը, ունենալով աւելի բաց հասարակութիւն, պիտի կարենայ ապահովել իր ապագայ կայունութիւնը եւ բարգաւաճումը: Փսակին ընդգծած է, որ Միացեալ Նահանգներ արտայայտած է այս դիրքորոշումը նաեւ Ատրպէյճանի պաշտօնեաներուն:
Նշենք, որ վերջին շրջանին Ատրպէյճանի մէջ յաճախի դարձած են իրաւապաշտպաններու, քաղաքական գործիչներու նկատմամբ ճնշումները:








All the contents on this site are copyrighted ©.