2014-12-01 13:36:18

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին ճառը Զուիցերիոյ եպիսկոպոսներուն։


(Ռ.Վ. 1 դեկտեմբեր 2014) Ընդունելով Զուիցերիոյ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի անդամները, անոնց յանձնած ճառին մէջ, Սրբազան Քահանայապետը ողջունեց եպիսկոպոսները եւ վանքերու աբբաները եւ դրուատեց Զուիցերիան իր ցուցաբերած ներդրումին համար՝ քաղաքական, ընկերային, մշակութային եւ միջդաւանանքային մարզերէն ներս։
Ապա ըսաւ՝ դուք ունիք մեծ եւ գեղեցիկ պատասխանատուութիւնը՝ ձեր երկրին մէջ հաւատքը կենդանի պահելու։ Առանց յարուցեալ Քրիստոսի հանդէպ կենդանի հաւատքի մը՝ գեղեցիկ եկեղեցիները եւ վանքերը հետզհետէ կը վերածուին թանգարաններու՝ թողլով իրենց ետին դատարկ սրահներ եւ կորսուած մարդիկ։ Ձեզի վստահուած Առաքելութիւնը կը կայանայ հօտը արածելու մէջ։ Աստուծոյ ժողովուրդը չի կրնար առանց հովիւներու՝ եպիսկոպոսներու եւ քահանաներու գոյատեւել։ Տէրը Եկեղեցւոյ շնորհեց առաքելական յաջորդականութեան շնորհքը՝ իբր ծառայութիւն հաւատքի միութեան եւ անոր անարատ աւանդումին։
Ապա անդրադառնալով քահանաներու եւ անոնց կազմաւորման հարցին աւելցուց՝
կը խրախուսեմ ձեզ շարունակելու ձեր ճիգերը՝ ժառանգաւորներու կազմաւորում գործին մէջ, որ եկեղեցւոյ ապագայի հարցն է։ Եկեղեցին պէտք ունի քահանաներու, որոնք աւանդութեան եւ եկեղեցւոյ ուսուցման մէջ մեծ ծանօթութիւն ունենան եւ թոյլ տան որ Քրիստոս խօսի իրենց։ Կը հրաւիրեմ ձեզ, որ ձեր քահանաներուն վրայ ուշադիր ըլլաք եւ իրենց ժամանակ տրամադրէք, մանաւանդ այն պարագային, ուր հեռացած են եւ եպիսկոպոսի հայրութեան իմաստը կորսնցուցած են։
Ապա Նորին Սրբութիւնը յիշեց Զուիցերիոյ Եկեղեցւոյ մէջ գործադրուող աշխարհականներու համագործակցութեան համակարգը, եւ շեշտեց՝ որ պէտք է զանազնենք բոլոր հաւատացեալներու Քրիստոսի քահանայութեան մասնակցութիւնը՝ խորհրդական քահանայութենէն։ Ան քաջալերեց նաեւ համամիութենականութեան համար տարուած ճիգերու անհրաժեշտութիւնը։
Անդրադառնալով եպիսկոպոսներու քարոզչական առաքելութեան կարեւորութեան՝ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետ ըսաւ՝ կը քաջալերեմ ձեզ, որ ընկերային խնդիրներու առընչութեամբ միշտ միասնական յստակ խօսք ուղղէք, մանաւանդ այնպիսի պարագաներու ուր ոմանք, նոյնիսկ եկեղեցւոյ շրջանակէն ներս, փորձութիւնն ունին՝ Աւետարանի ընկերային տարածքի իրականութիւնը անտեսելու։ Աւետարանը ունի ինքնուրոյն եւ նախնական իր զօրութիւնը՝ կատարելու առաջարկներ։ Մեր պարտականութիւնն է՝ զայն իր ամբողջ տարողութեամբ ներկայացնելու եւ մատչելի դարձնելու, առանց անոր գեղեցկութիւնը պղտորելու եւ հմայքը նուաղեցնելու, որպէսզի ան հասնի մարդոց, որոնք առօրեայ կեանքի դժուարութիւններուն դէմ պէտք է պայքարին, կեանքի իմաստը կը փնտռեն եւ եկեղեցիէն հեռացած են։ Յուսախափ եւ լքուած՝ անոնք կը յարին մտածելակերպերու, որոնք դիտաւորեալ կերպով կ'ուրանան մարդու, կեանքի եւ միջմարդկային յարաբերութիւններու վերացական տարածքը՝ յատկապէս ի դէմս տառապանքի եւ մահուան ։
Զուիցերիոյ Եկեղեցւոյ եւ Նահանգներու, Քանթոններու յարաբերութեան անդրադառնալով՝ Սրբազան Քահանայապետը խրախուսեց որ այդ համագործակցութիւնը շարունակուի՝ Աւետարանի հոգիով։
Փակելով իր խօսքը Ֆրանչիսկոս Քահանայապետ յորդորեց որ եպիսկոպոսները քարոզեն կենդանի հաւատքը ինչպէս ըրին առաքեալները Հոգեգալստեան օրը՝ ներշնչուած Ս. Հոգիի զօրութեամբ։ Ապահովցնելով անոնց իր աղօթքը եւ հայցելով սուրբերու օգնութիւնը՝ փակեց իր խօսքը առաքելական օրհնութեամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.